Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Վրայով Իրանի Կազը Կրնայ Փոխանցուիլ Վրաստան

February 18, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

GAZ_021716

Թեհրանն ու Թիֆլիսը կը բանակցին Իրանի մէջ արդիւնահանուած շուրջ 200 միլիոն խորանարդ մեթր կազը Հայաստանի տարածքով Վրաստան արտածելու ծրագիրներուն շուրջ: Ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, 16 փետրուարին Վրաստանի փոխվարչապետ, ուժանիւթի նախարար Քախա Քալածէի եւ Իրանի քարիւղի արդիւնաբերութեան նախարար Պիժան Նամտար Զանկանէի միջեւ Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն աւարտին այս մասին յայտարարած է անոնց մէկ այլ բարձրաստիճան մասնակիցը` Իրանի ազգային կազի ընկերութեան ղեկավար Ալիրեզա Քամելին:

Վրաստանի փոխվարչապետը յայտարարած է, որ վրացական կողմը մեծապէս հետաքրքրուած է իրանական կազով` դիտել տալով, որ անոր Վրաստան արտածումը պիտի սկսի 21 մարտին:

Իրանցի պաշտօնատարը դիտել տուած է, որ առաջին համաձայնագիրի գործողութեան ժամկէտը եօթը ամիս պիտի ըլլայ եւ անիկա հիմք պիտի հանդիսանայ հետագայ համագործակցութեան համար:

Քամելի շեշտած է, որ այս բոլորը ընելէ առաջ Վրաստան Հայաստանէն արտօնութիւն պէտք է առնէ հայկական տարածքով կազի տարանցման համար: Տակաւին յստակ չէ այն, որ թեքնիք իմաստով ինչպէ՛ս կարելի պիտի ըլլայ խողովակաշարերով Իրանէն Հայաստանի տարածքով դէպի Վրաստան կազի արտածումը:

Իրանի հետ կնքուելիք համաձայնագիրին  մանրամասնութիւններուն մասին յստակ տեղեկութիւն չկայ Վրաստանի կողմէ: Վրաստանի ուժանիւթի նախարարը ներկայիս կը խօսի ելեկտրականութեան եղանակային մատակարարումներու կարելիութեան մասին, որոնց ընթացքին, ըստ Քալածէի, Հայաստան տարանցիկ դեր պիտի խաղայ: Ան նշած է, որ իր երկիրը գարնան ու ամրան ելեկտրականութեան եւ ջրային պաշարներու աւելցուք կ՛ունենայ, իսկ Իրան` մեծ պահանջ, ուստի  կարելի է ելեկտրականութիւնը եւ ջրային պաշարները դէպի Իրան արտածել Հայաստանի վրայով:

 

 

Նախորդը

Ֆրանսական Միժեն Քաղաքին Մէջ Արգիլուած Է Թրքերէնի Դասաւանդումը

Յաջորդը

«Ազրպէյճանի Յարձակողական Քաղաքականութիւնը Կը Սպառնայ Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդի Գոյութեան» Կ՛ըսէ Զոհրապ Մնացականեան

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.