Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանը Կը Բացառէ Բրիտանիոյ Պահանջով Եւրոպական Միութեան Համաձայնագիրի Հիմնական Փոփոխութիւնը

February 17, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մարթին Շուլց
Մարթին Շուլց

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց` ամփոփելով Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի հետ իր հանդիպումին արդիւնքները, յայտնած է, որ Եւրոպական խորհրդարանը կը բացառէ միութեան բարեփոխման ծիրին մէջ Եւրոպական Միութեան հիմնական համաձայնագիրներուն մէջ փոփոխութիւնները` կապուած Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունենալիք հանրաքուէին հետ:

«Եւրոպական Միութեան հիմնական համաձայնագիրներու որեւէ փոփոխութիւն կարելի չէ: Եւրոպական խորհրդարանը այն կարծիքին է, որ Եւրոյի գօտիի 19 երկիրներու եւ Եւրոպական Միութեան Եւրոյի գօտիին մէջ չեղող միւս ինը երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները պէտք է կառուցուին բացառապէս այդ համաձայնագիրներուն, փոխադարձ յարգանքի եւ խտրականութեան բացակայութեան հիման վրայ», ըսած է ան:

Շուլց նշած է, որ Բրիտանիոյ հանրաքուէին կապակցութեամբ Եւրոպական Միութեան բարեփոխումներու նախագիծը պէտք է հաստատուի Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու` 18 փետրուարին տեղի ունենալիք վեհաժողովին ընթացքին: «Ես կը կարծեմ, որ Եւրոպական Միութեան բարեփոխումներու համալիրը պիտի հաստատուի միութեան` 18 փետրուարի վեհաժողովին ընթացքին», աւելցուցած է ան:

«Պի.Պի.Սի.» իր կարգին հաղորդեց, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք յայտարարած է, որ եթէ Բրիտանիան որոշէ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալ, միութիւնը պիտի յայտնուի փլուզման իսկական վտանգի առջեւ: Թուսքի խօսքով` այժմ վճռորոշ պահն է Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան հետագայ անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններուն մէջ, եւ այդ հարցի քննարկումը զգուշութիւն կը պահանջէ:

Նախապէս Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն Պրիւքսէլէն պահանջած էր դիմել շարք մը զիջումներու, նախքան Բրիտանիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ հանրաքուէի կայացումը: Մեկնաբաններ կ՛ենթադրեն, որ Քամերոն հանրաքուէին մասին պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ 22 փետրուարին` Եւրոպական Միութեան 18-19 փետրուարի վեհաժողովէն ետք: Իսկ հանրաքուէն, ինչպէս կ՛ենթադրեն վերլուծաբանները, տեղի պիտի ունենայ 23 յունիսին:

Նշենք, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ 15 փետրուարին Փարիզի մէջ Քամերոն-Ֆրանսուա Հոլլանտ հանդիպումին ընթացքին «անոնք համաձայնեցան, որ մենք լաւ յառաջընթաց արձանագրած ենք Բրիտանիոյ մասնակցութեան վերատեսութեան հարցին մէջ, եւ Եւրոպական խորհուրդի բնագիրի նախագիծը ամուր հիմք կ՛ապահովէ այս շաբաթ տեղի ունենալիք վեհաժողովին մէջ համաձայնութեան հասնելու համար»:

 

Նախորդը

Ռուսիայէն Մարդասիրական Օժանդակութիւն` Քեսապի Բնակիչներուն

Յաջորդը

Իրանի Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Հաստատած Է Խորհրդարանական Ընտրութիւններու 6223 Թեկնածուներու Ցուցակը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.