Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Կը Մնայ Տեղքայլի Եւ Սպասողական Վիճակի Մէջ

February 13, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

327909_img650x420_img650x420_crop

Թէեւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը, Բ. իշխանութեան պետն ու երեսփոխանական պլոքներու նախագահները հաստատեցին, որ շրջանային ներկայ պայմաններուն ներքեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը անկարելի է կատարել, եւ հետեւաբար անիկա երկարատեւ հոլովոյթ է, սակայն այս առումով երէկ հրապարակ նետուեցաւ նոր անուն մը, որուն վերագրուեցաւ համախոհական նախագահ մը դառնալու ատակութիւնը:

Այդ նոր անունն է Ժորժ Խուրի. ան Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպանն է:

1117-LEBANESE-ENVOY

Նոր թեկնածուին անուան շուրջ ստեղծուած հետաքրքրութեան չափ ալ հետաքրքրական է այդ լուրը սպրդեցնելու ձեւը. «Վատիկան Պքերքէի կ՛առաջարկէ Ժորժ Խուրին` նախագահական ընտրութեան իբրեւ համախոհական թեկնածու»:

Անշուշտ Խուրիի թեկնածութեան մասին լուրջ եւ ստոյգ ոչ մէկ տեղեկութիւն գոյութիւն ունի, սակայն հաւանաբար այդ լուրին պատճառով է, որ Պքերքէ երէկ վերածուեցաւ «ուխտավայր»-ի, ուր ուղղուեցան շատեր, ինչպէս` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժի, կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ եւ Լիբանան գտնուող ֆրանսական խորհրդարանի պաշտպանութեան յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Կուինտալ Ռոյար:

Պքերքէի տեսակցութիւններուն ընթացքին կատարուած քննարկումներուն առանցքը յստակ չէ, սակայն հանդիպումներէն ետք կատարուած յայտարարութիւնները կը շարունակեն ընդգծել անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Անորոշ մնացած այս հարցին առընթեր, վարչապետ Թամմամ Սալամ, որ ուղղուած էր Գերմանիա` իր մասնակցութիւնը բերելու Միւնիխի մէջ Սուրիոյ հարցով գումարուելիք ապահովական խորհրդաժողովի մը, հանդիպումներ ունեցաւ այդ նպատակով Միւնիխ գտնուող մեծ պետութիւններու պետական պաշտօնատարներուն հետ:

Այդ հանդիպումներուն շրջագիծին մէջ Սալամ տեսակցեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, որ հաստատեց, որ Մոսկուա յանձնառու է ամէն իմաստով օժանդակելու Լիբանանին:

Ապահովական առումով, բանակը շարունակեց ռմբակոծել Ռաս Պաալպեքի եւ Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն դիրքերը, ինչպէս նաեւ փակեց Լիբանան – Սուրիա Հերմելի սահմանամերձ շրջանին մէջ գտնուող ապօրինի բոլոր անցքերը:

Քաղաքական առումով, Լիբանան վաղը կէսօրէ ետք ժամադրուած է Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի արտասանելիք խօսքին հետ, որ պիտի պատկերասփռուի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 11-րդ տարելիցին առիթով «Պիել»-ի մէջ տեղի ունենալիք յիշատակի ձեռնարկին ընթացքին:

Նախորդը

Մուքպել, Ապու Սաապ, Քանաան Եւ Ռիաշի Ռայի Պատրիարքին Հետ Քննարկեցին Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Պետաիրաւական Յանձնախումբը Ընտրեց Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Թեկնածու

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.