Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 13, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա Պքերքէին առաջարկած է Ժորժ Խուրիի անունը` իբրեւ նախագահական ընտրութեան թեկնածու: Նշենք, որ Խուրի Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպանն է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Հըզպալլա Սուրիոյ պատերազմին միջամտած է` առանց օր մը իր մտքէն հանելու իսրայէլեան վտանգը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Սինիորա այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ յաղթելու պայմանները կարելի է ստեղծել  միջազգային համագործակցութեամբ:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի կոչ ուղղեց պետական հաստատութիւններու վարչութիւններուն մէջ քրիստոնեայ պաշտօնեաներու թղթածրարին նկատմամբ իմաստուն մօտեցում ցուցաբերելու:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտինը, որ մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ նախագահական աթոռին թափուր մնալու երեւոյթին մասին:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ աղբի տագնապը կարելի է լուծուած նկատել:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքը պակասաւոր է` առանց հանրապետութեան նախագահի գոյութեան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կորսուած վիճակ ունին եւ քաղաքական գետնի վրայ քայքայուած կը նկատուին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի շեշտեց, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը Իսրայէլի դէմ օգտագործուած լաւագոյն զէնքն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան իմաստով իրենց առաջադրած նախաձեռնութիւնը բոլորին համար յստակ է` աւելցնելով, որ իրենց նպատակն է անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարել:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր հօր նահատակութեան առիթով արտասանելիք խօսքին մէջ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական աղբիւրներէ, հաստատեց, որ Հըզպալլա Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ իր դաշինքը վտանգի պիտի չենթարկէ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, քաղաքական կարգ մը անձնաւորութիւններ յայտնած են նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի, թէ ան սխալած է Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան զօրակցելու իմաստով:

 

 

Նախորդը

«Թուրքիան Կը Շարունակէ Մնալ Միացեալ Նահանգներու Հիմնական Դաշնակիցը» Կ՛ըսէ Քարթըր

Յաջորդը

Շեհայէպ. «Հաշիշի Ցանքը Պիտի Վերածենք Օրինական Ցանքի»

RelatedPosts

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի  Հաղորդակցութիւնները Սկսելու
Լիբանանեան

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի Հաղորդակցութիւնները Սկսելու

October 17, 2026
«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի  Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

October 17, 2026
Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի  Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»
Լիբանանեան

Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.