
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ-ի խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կատարեց տարեշրջանի իր երրորդ մրցումը, երբ հիւրընկալեց Թատամոն Զուքը:
Յաղթելով Թատամոնին 92-77 արդիւնքով (19-16, 42-37, 68-57 եւ 92-77), ՀՄԸՄ երթի մրցումներուն իր դաշտին վրայ մնաց անպարտելի, միեւնոյն ժամանակ ալ արձանագրելով իր վեցերորդ յաղթանակը` երկու պարտութեան կողքին:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Թատամոնին, անիկա կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը. անիկա ընդամէնը կրած է 5 պարտութիւն եւ արձանագրած 3 յաղթանակ:
Ինչպէս միշտ, այս մրցումին եւս ՀՄԸՄ-ի համակիրները մարզադաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած էին եւ մրցումին ամբողջ տեւողութեան քաջալերեցին իրենց կազմը` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ:
Նշենք, որ մրցումին ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան:

Ա. կիսախաղի դադարին ներկայացուեցան ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբին անդամները, որոնք միախմբուելով դաշտին կեդրոնը յիշատակի լուսանկար մը նկարուեցան:
Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերուն եւ դաշտ ներկայացած ժամանակին, անոնք պարզեցին հետեւեալ պատկերը.

Նորվել Փել (30′ 29″, 16 կէտ, 8 ռիպաունտ), Նետիմ Սուէյտ (26′ 32″, 14 կէտ, 4 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ), Ճասթին Թապզ (31′ 24″, 16 կէտ, 4 ռիպաունտ, 3 թրի փոյնթ), Ահմետ Իպրահիմ (31′ 32″, 5 կէտ, 4 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ), Սեւակ Քեթենճեան (26′ 02″, 12 կէտ, 2 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ), Պիլալ Թապպարա (4′ 45″), Պատիհ Սուէյտ (9′ 12″, 2 ռիպաունտ) եւ Տուայն Ճեքսըն (40′ 00″, 29 կէտ, 9 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ):
Թատամոնէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Պրանքօ Սվեթքովիչ (39′ 10″, 33 կէտ), ապա` Վլատան Վուքոսավիեւիչ (35′ 51″, 14 կէտ, 16 ռիպաունտ):
Ինչ կը վերաբերի շաբաթ, 6 փետրուարին տեղի ունեցած Լուէյզի – Շանվիլ մրցումին, անիկա աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Լուէյզիի յաղթանակով, որ 85-65 արդիւնքով յաղթեց Շանվիլին (24-8, 39-23, 64-42 եւ 85-65):
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Շանվիլի մարզիկ Նիքոլոզ Ցիքիշվիլի (23 կէտ եւ 19 ռիպաունտ), մինչ Լուէյզիի ամէնէն շատ կէտը` Կերոն Ճոնսըն (22 կէտ եւ 14 ռիպաունտ):
Լուէյզի, որ այսպիսով արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը, 9-րդ դիրքէն բարձրացաւ 8-րդ դիրք` իր տեղը զիջելով Շանվիլի:
Այսօր` երկուշաբթի, 8 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Սաֆատիի մարզադաշտին վրայ, Մութթահետ կը հիւրընկալէ Հուփսը:


