
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին` հինգշաբթի, 4 փետրուար 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ` տեղի ունեցաւ Վարդանանցի, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ Արցախի ազատագրութեան ոգեկոչում:
Սրահի մուտքին ներկաներուն տրամադրուեցան ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին կողմէ պատրաստուած կրծքանշաններ եւ բացատրական թերթիկ մը, պատրաստուած` ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան կողմէ:


Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Խաժակ Հերկելեան: Ան ըսաւ, թէ «Վասն հայրենեաց եւ վասն կրօնի» Վարդանանց նշանաբանը դարեր շարունակ ամրացուցած է հայոց մարտունակ ոգին, որ միշտ ապրած է հայուն մէջ եւ զայն մղած է ազգային ինքնագիտակցութեան, ըլլալու յանձնառու զինուորն ու պահապանը ազգային անփոխարինելի արժէքներուն եւ պապենական սուրբ կտակին:
Ան իր խօսքը աւարտեց նշելով, որ «մեր գոյութիւնը կ՛ապահովուի միայն Վարդանանց, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ արցախեան գոյամարտի սրբազան ուխտը իբրեւ դրօշ պարզած մեր խիտ եւ անշահախնդիր շարքերուն հպարտ տողանցումով»:
Բացման խօսքին յաջորդեց Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանի երգչախումբին ելոյթը, խմբավարութեամբ` Նայիրի Հապէշեանի, ապա Վարդանանց պատերազմի կենդանի պատկերի ներկայացումով հանդէս եկան Այնճարի Հայ կաթողիկէ քոյրերու վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ` ընկերակցութեամբ երգի եւ ասմունքի, խմբավարութեամբ եւ մասնակցութեամբ` Քլարա Ադամեանի:
Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի երգչախումբը, որ ներկայացուց Վարդանանց տօնին հետ առնչուած երկու երգեր, խմբավարութեամբ` Նեկտար Փալազեանի:
Օրուան բանախօս պատ. Սեւակ Թրաշեան անդրադառնալով Վարդանանց պատերազմին ըսաւ, թէ 1565 տարիներ առաջ հայութեան աշխարհական եւ կրօնական պետերը` իրենց ետին հաւաքած ազնուականներ, զինուորներ, հողագործներ եւ արհեստաւորներ, անկոտրում կամքով դէմ դրին այդ օրերուն ամէնէն հզօր պետութեան` Սասանեան Պարսկաստանին` մերժելով պարտադրուած հաւատափոխութիւնը եւ անոր իբրեւ ուղղակի հետեւանք հայ ժողովուրդի ձուլումը, ինչպէս նաեւ անոնք մերժեցին զիջիլ խղճի եւ մտքի ազատութեան իրաւունքէն:
Պատուելին ըսաւ, թէ «հաւատքն էր, որ մղեց Վարդանն ու իր ընկերակիցները, որ մահը նկատի առնելով հանդերձ` համեստ միջոցներով հզօր բանակին դէմ դնեն: Գիտնալով, որ ցորենի հատիկը վերջ ի վերջոյ իր արդիւնքը կու տայ, կը բուսնի եւ կայ յաղթանակ ու յարութիւն նահատակութենէն ետք»:
Պատուելի Թրաշեան ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը իր բեղուն անցեալէն օրինակ կրնայ առնել, յատկապէս իր հաւատքի կեանքին մէջ` գիտակցելով, թէ իր կեանքին Տէրը ով է, լաւ ճանչնալով Աստուծոյ խօսքը, մասնակից ըլլալով եկեղեցիին եւ անոր առաքելութեան, չզիջելով իր Աստուածատուր իրաւունքէն, խղճի ազատութենէն եւ պատրաստ ըլլալով նոյնիսկ իր հաւատքին համար սուղ գին վճարելու իր ազգային կեանքին մէջ` հայ ըլլալը սեպելով Աստուծմէ տրուած շնորհք, հայկական դպրոցը եւ անոր գոյատեւումը անհրաժեշտ սեպելով եւ վերջապէս հայ ազգի պատմութիւնը լաւ ճանչնալով:
Պատուելին իր խօսքը աւարտեց նշելով. «Վարդանանք մեռան վասն հաւատոյ եւ վասն Հայրենեաց: Մենք ապրինք վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց»:
Բանախօսութենէն ետք ցուցադրուեցաւ արցախեան պահանջատիրութեան գոյամարտի ընթացքին զոհուած մարտիկներու մասին պատրաստուած երկու տեսերիզներ:
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի աշակերտութեան բերդ-պարով:


