Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԷԼԻԶԷԻ ՄԷՋ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ՍԱՐՔՈԶԻԻ ԿՈՂՄԷ

September 6, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սարքոզի կը դիմաւորէ Ռայի պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուէր Ֆրանսա, երէկ Էլիզէի պալատին մէջ ընդունուեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի կողմէ:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Սարքոզիի հետ իր հանդիպումը եղած է անկեղծ եւ շինիչ: Ան դիտել տուաւ, որ հանդիպումին շեշտուած է բոլոր ժողովուրդներուն ժողովրդավար եւ անկախ ըլլալու իրաւունքը` աւելցնելով, որ պէտք է պահպանել ֆրանսական-մարոնիական եւ ֆրանսական-լիբանանեան յարաբերութիւնները:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին Միջազգային դատական ատեանին, որ իր առաքելութեան ծիրին մէջ պէտք է գործէ` հեռու մնալով քաղաքականութենէն:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց նաեւ, որ իրենք մտահոգ են, որ արաբական աշխարհը մասնատուի եւ վերածուի համայնքային փոքր պետութիւններու:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի վարչապետ Ֆրանսուա Ֆիյոնի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, որոնց լոյսին տակ Ռայի պատրիարքը վարչապետին նուիրեց մարոնի համայնքի պատմութեան վերաբերող գիրք մը:

Միւս կողմէ, «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին եւ Ֆրանսային չաճապարելու վարչակարգերը փոփոխութեան ենթարկելու յատուկ որոշումներուն մէջ: Ան շեշտեց, որ Իրաքի մէջ ալ պահանջը ժողովրդավարութիւն հաստատել էր, սակայն այդ ժողովրդավարութիւնը հնձեց հազարաւոր հոգիներու կեանք եւ տակաւին այդ հոլովոյթը չաւարտեցաւ: Ան հարց տուաւ, որ արդեօք արաբական աշխարհին ապրած երկունքը ինչպէ՞ս պիտի աւարտի:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ անընդունելի է ժողովուրդներուն ճակատագիրը վտանգի ենթարկել:

Ան մտավախութիւն յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքին կողմէ Սուրիոյ դէմ որդեգրուելիք միջազգային բանաձեւերը կրնան երկրին մէջ քաղաքացիական անվերջանալի պատերազմ մը բռնկեցնել, հետեւաբար անոնք կ՛ըլլան այնպիսի բանաձեւեր, որոնք ժողովուրդներուն դէմ ցեղասպանութիւն կը նկատուին եւ ոչ թէ ժողովրդավարութիւն:

Ան եզրափակեց շեշտելով, որ իրենք երբեք չեն հաւատար կռիւին ու պատերազմին եւ եկեղեցւոյ անունով կոչ կ՛ուղղեն խաղաղ լուծումներ գտնելու արաբական աշխարհին դիմագրաւած զանազան հարցերուն:

Նախորդը

ՊԸՐՐԻ. «ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՀՐԱՄՑՈՒԻՆ ԻԲՐԵՒ ՄԵՂՐԻ ՄԷՋ ԹԱԹԽՈՒԱԾ ԹՈՅՆԵՐ»

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԸՆԹԱՑԻԿ ՀԱՐՑԵՐ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.