Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

September 6, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէին խոստացած է Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը ապահովել:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ատնան Արաքժի յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը քաղաքականացած մեծ սուտ մըն է:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի շեշտեց, որ լիբանանցիները կը զօրակցին բանակին, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ զօր. Ֆայեզ Քարամի դէմ զինուորական ատեանին արձակած վճիռը շօշափելի եւ գիտական փաստերու վրայ չէ հիմնուած:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Զիատ Ասուատ հաստատեց, որ ապահովական կառոյցներու պետերուն պաշտօնազրկումը կամ նշանակումը կ՛որոշուի կառավարութեան կողմէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ առաւօտեան ժամը շուրջ 10:30-ին իսրայէլեան 6 օդանաւեր թռիչքներ գործեցին հարաւային Լիբանանի վերեւ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը սեպտեմբեր ամսուան աւարտին եռօրեայ այցելութեամբ մը պիտի ուղղուի հարաւային Լիբանան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն հիմնելու համար գերիշխան հաստատութիւններ ունեցող ժողովրդավարական պետութիւն մը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ կը գործադրուի ծրագիր մը, որուն նպատակն է հարուածել բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութեան եռանկիւնը եւ երկրին մէջ նախապատրաստական աշխատանքներ տանիլ դիւրացնելու համար քաղաքացիական պատերազմը:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Շարպել Նահհաս հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը կեցուածք որդեգրած է Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը մերժելու առումով:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող պատասխանատուներէն մէկը «Տիար» օրաթերթին կատարած իր յայտարարութեան մէջ մերժեց Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ Տէյր Քամարի մէջ տեղի ունեցած պասքեթպոլի մրցումի մը ընթացքին արձանագրուած կրակոցները կը փաստեն, որ լիբանանեան պետութեան հանգամանքները հետզհետէ կը տկարանան:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ ոմանք ճիգ չեն խնայեր լիբանանեան բանակն ու երկիրը պաշտպանելու իմաստով անոր դերակատարութիւնը հարուածելու իրենց ջանքերուն մէջ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ շեշտեց, որ իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման թղթածրարը այս կամ այն համաձայնութեան ենթակայ չի կրնար ըլլալ` աւելցնելով, որ ինք ոչ մէկ բանակցութեան նկատմամբ վստահութիւն ունի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խորհրդականներէն Ալի Համտան շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յանձնառու է երկրին սահմանադրութեան եւ  օրէնքներուն գործադրութեան` նկատել տալով, որ այդ պատճառով է, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին վաւերացումը կ՛ուշանայ:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի շեշտեց, որ լիբանանցիներու աշխատավարձի յաւելման որոշումը կը տրուի կառավարութեան կողմէ` աւելցնելով սակայն, որ մինչեւ օրս այդ հարցը չէ քննարկուած կառավարութեան կողմէ:

 

 

Նախորդը

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ¬ ՍՓԻՒՌՔ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ. ԵՐԷԿ, ԱՅՍՕՐ ԵՒ ՎԱՂԸ» ՆԻՒԹՈՎ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄ

Յաջորդը

ԱՊԱՏԻ ԱՅՑԵԼԵՑ ԻՍԼԱՄ ՔԱՐՈԶԻՉ ՆԱՊՈՒԼՍԻԻ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.