Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զինուորական Խորհուրդի Նշանակումները Կը Գրաւեն Լուսարձակները Եւ Կ՛որոշեն Կառավարութեան Ճակատագիրը

January 26, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

bsharee_012516f

Լիբանանը հարուածող ձիւնամրրիկը նոյն ուժգնութեամբ պիտի շարունակուի այսօր խոստանալով ծովու մակերեսէն 600 մեթր բարձրութեան վրայ տարածել ձիւնի իր փաթիլները:

Սակայն հակառակ ցուրտ օրերուն դպրոցները փակ պահելու կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապի որոշումին, լիբանանցի աշակերտները այսօր պիտի ուղղուին դպրոց եւ պիտի հետեւին իրենց դասերուն` նկատի ունենալով, որ դպրոցներուն դռները բաց թէ փակ պահելու որոշումը նախարարին կողմէ ձգուած էր տնօրէններուն հայեցողութեան:

«Թալասա»-ի ուժգնութիւնը երէկ աւելի շեշտուած կերպով զգալի դարձաւ Հասպայայի, Շեպաայի, Հապպարիէի, Քֆարշուպայի, Ռաշայա Ուատիի, Լաքլուքի, Ֆաքրայի, Ֆարայայի, Տահր Պայտարի, Զահլէ-Թարշիշի, Պիսքանթա-Թարշիշի, Արզի, Այնաթայի, Մաասեր Պարուք-Քըֆրայայի, Քֆարտըպիանի, Էհտենի, Հատաս-Պաալպեքի, Հերմելի, Ժեզզինի, Սաուֆարի, Մտայրէժի, Թաննուրինի, Քարթապայի, Տուհուր Շուէյրի, Մրուժի եւ Քըպէյաթի մէջ, ուր բոլոր ճամբաները փակուեցան ձիւնին պատճառով:

Սակայն երկրին ջերմաստիճանը նուազեցուցած ձիւնամրրիկը չկրցաւ երկար ժամանակի համար սառած պահել քաղաքական կեանքը, որ վերագտաւ իր «ջերմութիւնը» Զինուորական խորհուրդի նշանակումներուն թղթածրարին ճամբով:

Զինուորական խորհուրդի նշանակումներուն առումով վարչապետ Թամմամ Սալամի աղբիւրները կը հաստատեն, որ դրական ոչինչ կայ այդ իմաստով:

Պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի աղբիւրները կը շեշտեն խորհրդակցութիւնները շարունակելու իրականութիւնը:

Իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի տեղեկութիւններուն համաձայն, կը նշուի, թէ զինուորական նշանակումները կրնան դուրս գալ դրական արդիւնքով, որ պիտի յստականայ յառաջիկայ 48 ժամերուն:

Հինգշաբթի կէսօրէ ետք կառավարութիւնը պիտի գումարէ իր նիստը, որուն մասնակցող նախարարներուն թիւը կը մնայ անորոշ` նկատի ունենալով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարները պիտի բացակային այդ նիստէն:

Աւելի՛ն. Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ մտահոգութիւն յայտնեցին, որ Զինուորական խորհուրդի նշանակումներուն մէջ կրնան արձանագրուիլ խոչընդոտներ, որոնք կուսակցութիւնը պիտի մղեն դիմելու մագլցողական քայլերու, որոնցմէ է կառավարութենէն հրաժարելու քայլը:

Այս բոլորին կողքին սակայն, Ազգային երկխօսութեան նիստը վաղը Այն Թինէի մէջ պիտի գումարուի` նախագահութեամբ Պըրրիի, որուն ջանքերէն շատ բան կ՛ակնկալուի` զինուորական նշանակումներուն թղթածրարին բարւոք լուծման առումով:

 

Նախորդը

Զօր. Աուն Ընդունեց Մըլհեմ Ռիաշին

Յաջորդը

ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Ներկայացուցիչներու Համահայկական Խորհրդաժողով

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.