
Հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի տնտեսական պալատներուն կազմակերպութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ աշխատանիստ մը` ուժանիւթի պահպանման եւ անոր օգտագործման եւ բարեփոխման նիւթով:
Աշխատանիստը հովանաւորեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, որ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, թէ անձնական մարզին նկատմամբ իրենց նայուածքը վերջին հանգրուանին փոխուած է` նշելով, որ անձնական մարզը աշխուժացուցած է իր ներդրումները` յատկապէս ուժանիւթի մարզին զօրակցելով:
Ա. Նազարեան շեշտեց, որ ուժանիւթի մարզին մէջ բարելաւում արձանագրելու համար պէտք է պետական եւ անձնական մարզերուն աշխատանքները համադրել եւ անոնց գործակցութիւնը հեզասահ դարձնել:
«Այս առումով ուժանիւթի նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ուժանիւթի ազգային ծրագիրին մշակումը ամբողջացնելու: Իսկ հողմային ուժով ելեկտրականութիւն արտադրելու համաշխարհային նուազուրդը իրականացուցինք եւ այդ թղթածրարը փոխանցեցինք կառավարութեան, որպէսզի այդ մասին իր որոշումը տայ», շեշտեց Նազարեան:


