
Իսրայէլի մէջ աւելի քան 450 հազար ցուցարարներ մասնակցեցան ընկերային արդարութիւն պահանջող շաբաթօրեայ հերթական բողոքի ցոյցին, որ Իսրայէլի պատմութեան մէջ մեծագոյնն էր:
Գլխաւոր բողոքի ցոյցը տեղի ունեցաւ մայրաքաղաք Թել Աւիւի Քիքար Համետինա շրջանին մէջ, ուր շուրջ 300 հազար ցուցարարներ մասնակցեցան երկու քիլոմեթր հեռու գտնուող Հապիմա հրապարակէն ընթացք առած քայլարշաւի մը:
Երուսաղէմի մէջ աննախադէպ երեւոյթով մը 50 հազար ցուցարարներ հաւաքուեցան Փարիզ հրապարակին եւ մերձակայ թաղամասերուն մէջ, ինչ որ այս ամառ տեղի ունեցած նախորդ ցոյցերու մասնակիցներուն թիւին կրկնապատիկն էր:
Հայֆայի մէջ բողոցի ցոյցերու մասնակիցներուն թիւն էր 40 հազար, Աֆուլայի մէջ` 12 հազար, Ռոշ Փինայի մէջ` 7 հազար, Քիրիաթ Շեմոնայի մէջ` 7 հազար, հարաւային Իսրայէլի Միցփէ Ռամոն եւ Արատ քաղաքներուն մէջ` հազար:
Կազայէն արձակուող հրթիռներուն վտանգին պատճառած մտահոգութիւնը նկատի ունենալով` Իսրայէլի ներքին գործոց նախարարութիւնը արգիլեց Պիր Շեւայի, Աշտոտի եւ Աշքելոնի մէջ նախատեսուած ցոյցերը:


