
«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Քաթալոնիոյ նոր արտաքին գործոց նախարար Ռաուլ Ռոմէա յայտարարած է, որ Սպանիոյ Քաթալոնիա երկրամասի իշխանութիւնները 17-րդ անգամ ըլլալով դիմած են Սպանիոյ իշխանութիւններուն` անկախութեան հարցով հանրաքուէ կատարելու խնդրանքով:
Ան նշած է, որ իրենց` Քաթալոնիոյ իշխանութիւններուն, «ոչ ոք կը լսէ»:


