
Երէկ` կիրակի, 17 յունուարին, տեղի ունեցան Հայաստանի ճատրակի տղոց 76-րդ եւ աղջկանց 71-րդ ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի հանդիպումները:
Տղոց ախոյեանութեան, Զաւէն Անդրէասեան դարձեալ յաղթելով մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 5,5 կէտ: Յովիկ Հայրապետեան-Մանուէլ Պետրոսեան հանդիպումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ, Տիգրան Պետրոսեան յաղթեց Արման Միքայէլեանին, Ռոպերթ Յովհաննիսեան` Կարէն Գրիգորեանին, Արման Փաշիկեան` Նորայր Թորոսեանին, իսկ Յովհաննէս Կապուզեան` Լեւոն Բաբուջեանին:
Աղջկանց մրցումներուն, Մարիա Գէորգեան, որ ապահովեց առաւելագոյն 6 կէտը, կը շարունակէ մնալ առաջին: Անոր ետին 4,5 կէտ ունի Աննա Հայրապետեան, մինչ Սուսաննա Գաբոյեան` 4 կէտ:


