Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Յունուար 1966)

January 18, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

Նախագահական Պատգամը

Նախագահ Հելու այսօր պիտի խօսի ժողովուրդին:

Լիբանանեան հանրապետութեան մէջ, ըստ աւանդութեան, նախագահը երկու անգամ առիթ կ՛ունենայ խօսելու իր ժողովուրդին` Նոր տարիին եւ նոյեմբեր 22-ի անկախութեան տօնին:

Բացառիկ պարագաներու միայն նախագահներ անհրաժեշտ կը նկատեն ուղղակի դիմել ժողովուրդին, պարզել անոր` երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային վիճակը:

Նախագահ Հելու անհրաժեշտ նկատած է այս ուղղակի շփումը լայն զանգուածներուն հետ, ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի միջոցով, հետեւեալ պաշտօնական բացատրութեամբ, որ տրուեցաւ տեղեկատուութեան նախարարութեան կողմէ.

«Բնական է, որ առաջին լիբանանցին քաղաքացիները տեղեակ պահէ ներկայացող առանձնայատուկ դժուարութիւններուն եւ պահանջէ անոնց գործակցութիւնը` զանոնք դիմակալելու համար»:

Մամլոյ տեղեկութիւնները աւելի պերճախօս են:

Նախագահը անկեղծօրէն պիտի պարզէ իսկական կացութիւնը` ելեւմտական, տնտեսական եւ ընկերային եռեակ գետիններու վրայ: Պիտի ընդգծէ մեծ ծրագիրներու իրագործման արգելք հանդիսացող խոչընդոտները, յատկապէս` պետական գանձին սահմանափակ կարելիութիւնը ու այն միջոցները, որոնք կը նախատեսուին` յաղթահարելու համար այդ խոչընդոտները:

Հաւանական է, որ նախագահին պատգամը ճշդէ այն սկզբունքները, որոնց հիման վրայ կառավարութիւնը պիտի որոշէ խնդրոյ առարկայ ծրագիրներու նիւթական միջոցներու հայթայթումը: Այս մասին, բազմիցս խօսուած է նախարարական ժողովներու ընթացքին, բայց տարակարծութիւններ ծայր տուած են նախարարներու միջեւ ու յաճախ հակասական կարծիքներ արտայայտուած: Ուստի կարելի չէ եղած ցարդ վերջնական որոշում մը տալ: Նախագահը ուղղակի պիտի դիմէ ժողովուրդին` հանրային կարծիքի հակազդեցութեան ճամբով տալու համար իր իրաւարարական վճիռը:

Լիբանան, որ խռովայոյզ Արեւելքի մը մէջ անդորրութեան ովասիս մը կը նկատուի բազմաթիւ օտար լրագրողներու կողմէ (Անտրէ Ֆոնթեն, «Լը Մոնտ Տիփլոմաթիք»), քաղաքական կնճռոտ խնդիրներէ ձերբազատած` օրակարգի սեղանին վրայ կը գտնէ միայն ընկերային հարցեր, որոնց լուծումը նախագահ Հելուի վարչակարգին առաջնահերթ մտահոգութիւնը դարձած է:

Նախագահին մղումով, վարչակարգին ամբողջական գործունէութիւնը կը դառնայ ընկերային հարցերու շուրջ, որոնք շատ աւելի հիմնական են եւ կոչուած` ամուր հիմերու վրայ դնելու լիբանանեան պետութիւնը:

Ապահով պէտք է ըլլալ, թէ լիբանանցի ժողովուրդը մէկ մարդու պէս պիտի ըմբռնէ նախագահին մտահոգութիւնը եւ անոր կողքին պիտի կենայ ընկերային բարեկարգութեան անոր ծրագիրները իրականացնելու համար:

Այս ապահովութեամբ կը սպասենք նախագահին պատգամին:

X

 

Ու Ես Կ՛երթամ…

Գիշերային Խնճոյքը

13 յունիս 1964, շաբաթ օր:

Ս. Կարապետի շրջակայքը պեղումներ կատարելու համար երիտասարդներ աշխուժ խանդավառութեամբ պատրաստութիւններ կը տեսնեն: Քաղաքին հին զբօսավայրերը, որոնք այսօր ամայի եւ լքուած են… Ձորամէջը, կապերտներու վրայ բազմած, հին օրերու փառքը կը վերապրեցնենք…:

Մուշի հին էշրաֆներէն «երեւելի» Հաճի Էսատի եղբօր` Տերվիշի որդիները` Ատիշ եւ Արիֆ պէյերը «մեռած»` հին սերունդի ներկայացուցիչ Զաքիր էֆենտի քովէս չի բաժնուիր: Ան ինծի շատ ըսելիքներ ունի… Զաքիր էֆենտի անցեալը երախտագիտութեամբ եւ կարօտով կը վերյիշէ. կ՛ապրի երանութեան պահեր եւ մեզ ալ կը վերացնէ:

Արունք գիւղացի Մխէ – Մանուշակի որդիները` Արմոն եւ Սարգիսը:

Խարապա` Խարդոս գիւղացի Տիգրանը, Սմբատը, Յովհաննէսը, Արշակը, Ոսկիանը եւ Համոն, ա՛խ, ո՜րքան կ՛ուզէի գրկել ու համբուրել…

Զաքիր էֆենտի` դիմացի սարերու այգիները դիտելով` կը վերանայ, երիտասարդական խանդավառութիւնով կը սկսի երգել.

«Շուշօ, էլի երթանք էգի,
Քաղեմ խաղող, դնեմ գոգը.
Մառալ Շուշօ, ճէյրան Շուշօ…
Շուշօ, էլի երթանք կանկար,
Ծամերդ հիւսեմ խանդալ – խանդալ,
Նուշոյիս առնեմ ոսկի կամար,
Եթէ ըլլայ ան ինծի եար,
Մառալ Շուշօ, ճէյրան Շուշօ…
Շուշոյին ջուխտակ ախբրներ կայ,
Երթամ Ս. Կարապետ` մուրատս տայ.
Մառալ Շուշօ, ճէյրան Շուշօ…:

Զաքիր էֆենտի այս երգը հարազատ հայերէնով եւ երիտասարդ սիրահարի մը պէս կ՛երգէր: Ան ոգեւորուած է ու կը շարունակէ երգել.

«Աղջի Հայկօ – Հայկօ,
Տէօշդ մի բանայ.
Էլի երթանք աղօթարան.
Սիրտս կը դողայ…
Մայրիկ, մայրիկ, քորանաս, քոյրի՛կ.
Զինուորիլ կ՛երթամ…:

Զաքիր էֆենտի, Լաթիֆ աղա, մսավաճառ Մեհմետ անվերջանալի պատմութիւններ կը պատմեն:

– Սա դիմացի այգին, Աբէ-Մոսօ «Մովսէսեան»-ի այգին է:

– Վերի սարահարթի բարձունքի աւերակը Մուշեղ Մամիկոնեանի բերդն է:

– Անոր դիմացի միակտուր մեծ ժայռը «Աղջկանց քարն» է: Առասպելի մը համաձայն, օր մը, երբ Մուշեղի բերդը թշնամիներու յարձակումին կ՛ենթարկուի, Մամիկոնեան տունէն կոյս աղջիկ մը խոյս կու տայ: Այս ժայռը կը ճեղքուի, աղջիկը մէջը կը մտնէ եւ անգամ մըն ալ դուրս չ՛ելլեր…

– Սէօյլեմեզ ընտանիքը` «Չխօսող ընտանիքը»: Մինչեւ այսօր այս անունով ընտանիք մը կայ Մուշի մէջ… Մամիկոնեան տունէն աղջիկ մը բռնութեամբ իսլամի մը հետ ամուսնացուցած են. այս աղջիկը, իբրեւ բողոքի նշան, մինչեւ մահ մունջ մնացած է: Այս պատճառով անոր զաւակները այս մականունը առած են…

Արեգակը հրաժեշտ առած է: Լուսինը մեզ կ՛ողջունէ… Տեսարանը շրջուած է, ծառերն ու ջուրերը տարազ փոխած` իրենց սրտի մորմոքը կ՛եղերգեն… հին հեքիաթներու ունկնդիր: Ու ես կ՛երթամ…

Երիտասարդներ, մեծերու հրահանգով, կ՛երթան ու կու գան եւ գետինը շտկուած մեր սեղանին կը սպասարկեն: Տեղական գինին մեզ տարաշխարհ կը տանի… Գետակը իր հին մեղեդին կը վերաձայնէ… Լուսինը կը սահի ու կը հեռանայ: Ես ալ հին խորհուրդներու հետ պսակուելու համար ձորը կ՛իջնեմ:

Օդը պայծառ է, լուսինը չարաճճի խնդուքով երկնակամարին վրայ կը թաւալի, գետակին երգը սարերն ի վեր կ՛արձագանգէ: Այս համանուագին մէջ, նախնեացս մտերմութեան մէջ, ու ես կ՛երթամ…

Անոնք հին, ես պանդուխտ, քըծ մեծաղիկ (մեզմէ աղէկները) մեր շուրջը կը պարեն… Յաւերժահարսերու բաժակներէն ես կ՛արբենամ… Լուսնակ գիշերին վազող ջուրերուն նուագով` հայրենական պար մըն ալ պարելու: Ու ես կ՛երթամ…

Այս ձորերուն մէջ շատ երգեր երգուեր, ուրախութիւններ տեղի ունեցեր են: Այսօր այդ բոլորին փոխարէն` այդ բոլորին դերակատար ես միայն կամ…

Կէս գիշերը անցեր է: Շեփորներ կը հնչեն… Ձիերը քառասմբակ կ՛արշաւեն: Յառաջապահ սպիտակ ձիաւորը զիս կը բարեւէ: Այս գիշեր` տանուտէր, մեծ սպարապետին հիւրընկալ: Ու ես կ՛երթամ…

ՇԱՒԱՐՇ ՔՀՆՅ. ՊԱԼԸՄԵԱՆ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Թող Պետութիւնն Աշխարհով Մէկ Յայտարարի` Հա՛յ Ժողովուրդ, Դու Այստեղ Մի Մեծ Արժէք Ունես, Բուրգ Ունես, Եկէք` Բացենք»

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.