
14 յունուարէն 15 յունուար լուսցող գիշերը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ եւ նռնականետերէ հայ սահմանապահներուն ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 600 կրակոց:
Բացի վերոնշեալէն, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն, 14 յունուարին` ժամը 21:30-ի շուրջ, ազրպէյճանական բանակի յատուկ նշանակութեան ուժերը շփման գիծի արեւելեան ուղղութեամբ ձեռնարկած են ներթափանցման-հետախուզական փորձի: «Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները ժամանակին նկատած են հակառակորդի ներթափանցման խումբի յառաջխաղացումը եւ ձեռնարկած համապատասխան կանխարգելիչ միջոցառումներու: Անոնց արդիւնքով սպաննուած է հակառակորդի առնուազն երկու զինուորական ծառայող, խումբի մնացած անդամները դիմած են փախուստի», նշուած է նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Արձանագրուած փոխադարձ հրաձգութեան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չէ ունեցած, բանակի զօրամասերը իրենց հակակշիռին տակ պահած են կացութիւնը` շարունակելով լիուլի կատարել իրենց մարտական պարտականութիւնը:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է ներթափանցման փորձին եւ իր կորուստներուն մասին տեղեկատուութիւնը` պնդելով, որ` «թշնամական կողմը կը տարածէ իրականութեան չհամապատասխանող հաղորդագրութիւններ, որոնք կը մոլորեցնեն հանրութիւնը` այդպիսով հող նախապատրաստելով ապագայ սադրանքներուն համար»:


