
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ներկայացուցիչ Պեն Տիսթէյլ հաստատած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքի ռմբաձիգները ոչնչացուցած են ՏԱՀԵՇ-ի ֆինանսական կեդրոնը:
Ան յայտնած է, որ զինեալները օգտագործած են կառոյցը` միջոցները ահաբեկչական գործունէութեան նպատակով բաշխելու համար:
Նախապէս «Սի.Էն.Էն.»` յղում կատարելով աղբիւրներու, հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած դաշինքը ոչնչացուցած է ՏԱՀԵՇ-ի ֆինանսական կեդրոնը, որ կը գտնուի Իրաքի Մուսուլ քաղաքին մէջ:


