Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Մոհամետ Խաթունի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկը Վերածուեցաւ Շէյխ Նմըրի Մահապատիժը Դատապարտելու Առիթի

January 4, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

seyid_nasralla_010316

Դիմադրութեան հոգեւոր պատասխանատուներէն շէյխ Մոհամետ Խաթունի մահուան յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ յետմիջօրէին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ ոչ ոք կրնայ Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան կամքը տկարացնել, անոր արժանապատուութիւնն ու զօրութիւնը թիրախ դարձնել, ինչպէս նաեւ պայքարի դաշտին վրայ անոր գոյութեան վրայ բիծ տեսնել:

Ան նշեց, որ շէյխ Խաթուն եղած է այն գործիչներէն, որ աշխատած է Դիմադրութեան առաջին հանգրուանին, երբ ոչ ոք ծանօթ էր Դիմադրութեան գաղափարին եւ սկզբունքներուն:

Ան գնահատեց հանգուցեալ հոգեւորականին կազմակերպական եւ հարցերու տնօրինման կարողութիւնները` զայն նկատելով Դիմադրութիւնը կերտած առաջին սերունդի հաւատարիմ մարտիկը:

Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա խստիւ դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ մէջ շէյխ Նմըր Նմըրը մահապատիժի ենթարկելու արարքը:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ անկարելի է, որ բարեկարգումի սկզբունքներով հոգեւորական մը գործէ` աւելցնելով, որ շէյխ Նմըր Նմըրը մահապատիժի ենթարկելու գծով լուռ մնալը անկարելի է:

Ան հարց տուաւ, որ արդեօք սէուտական դատական իշխանութիւնները փաստա՞ծ են, որ շէյխ Նմըր զինեալ պայքարին մասնակցած է: Ան աւելցուց, որ շէյխ Նմըրի ամբողջ գործունէութիւնը եղած է խաղաղ. ան պայքարած է սէուտցիներուն իրաւունքներուն համար եւ սէուտցի ժողովուրդին ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան համար:

«Շէյխ Նմըրի սպանութիւնը դատապարտելի է եւ անոր արիւնը Սէուտ ընտանիքը պիտի հալածէ նաեւ անդենական աշխարհին մէջ», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Ան շեշտեց, որ շէյխ Նմըրը մահապատիժի ենթարկելով Սէուտական Արաբիոյ վարչակարգը բացայայտած է հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը քաջալերող իր իսկական դիմագիծը:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ արաբական աշխարհին մէջ տիրող ներկայ պայմաններուն ընթացքին Սէուտ ընտանիքը կրնար շէյխ Նմըրը արգելափակուած պահել, առանց զայն մահապատիժի ենթարկելու` շեշտելով, որ Սէուտ ընտանիքը սիւննի-շիի սադրանքներ հրահրելու միտումով գործած է այդ արարքը:

Այս առումով սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ շէյխ Նմըր Նմըրը մահապատիժի ենթարկելու պատասխանատուն Սէուտ ընտանիքն է, եւ պէտք չէ անոր սպանութիւնը վերածել սիւննի-շիի սադրանքի, որպէսզի Սէուտ ընտանիքին բարիք մը չմատուցուի:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ ՏԱՀԵՇ իր ահաբեկիչներուն համար կ՛օգտագործէ Սէուտ ընտանիքին օգտագործած դասագիրքերը` աւելցնելով, որ շէյխ Նմըրի սպանութեան լաւագոյն պատասխանը պիտի ըլլայ Սէուտ ընտանիքին դէմ կենալ եւ զայն պատասխանատու նկատել:

Հարիրի Կը Պատասխանէ

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի նշեց, որ շէյխ Նմըր Նմըրը մահապատիժի ենթարկելու իմաստով արձանագրուած հակազդեցութիւնը յարանուանական բնազդները գրգռելու քայլ մըն է` աւելցնելով, որ շէյխ Նմըր սէուտցի քաղաքացի մըն է, որ ենթակայ է երկրին օրէնքներուն: «Ան իրանցի քաղաքացի մը չէ, որ ենթակայ ըլլայ Յեղափոխական պահակագունդի կամ Պասիժի օրէնքներուն», ըսաւ ան:

Հարիրի նշեց, որ Հըզպալլա կը վարուի այնպէս մը, որ կարծէք ինք պատասխանատու է ամբողջ աշխարհի շիիներուն` շեշտելով, որ ինք համոզուած է, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու է արաբական եւ իսլամական աշխարհին շահերուն:

Հարիրի շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա դարձեալ Լիբանանը միջամուխ կը դարձնէ շրջանին հարցերուն, որոնք կրնան վտանգի ենթարկել զայն:

Շէյխ Նմըրի Մահապատիժին Դէմ
Դատապարտումի Ալիք

Շէյխ Նմըր Նմըրի մահապատիժը մերժող խումբ մը երիտասարդներ երէկ ԷՍՔՈՒԱ-ի դիմաց կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք դատապարտեցին հոգեւորականին դէմ գործուած արարքը:

Միւս կողմէ, հակառակ տեղատարափ անձրեւին, շէյխ Սահիպ Հապլի գլխաւորեց խումբ մը երիտասարդներ, որոնք Համրայի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դիմաց կատարեցին բողոքի ցոյց մը:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան խստիւ դատապարտեց շէյխ Նմըր Պաքեր Նմըրի սպանութիւնը` շեշտելով, որ զայն մահապատիժի ենթարկել կը նշանակէ մահապատիժի ենթարկել միտքը, չափաւորականութիւնն ու երկխօսութիւնը:

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց շէյխ Նմըրի սպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգները պատասխանատու նկատեց` սէուտական վարչակարգին զօրակցելու առումով:

Իր կարգին, Ամալ շարժումի քաղաքական խորհուրդը շեշտեց, որ իրենց համար շէյխ Նմըրը իսլամական եւ արաբական արժէք մը կը ներկայացնէ:

Խորհուրդին հրապարակած դատապարտագիրին մէջ ընդգծուեցաւ հետեւեալը. «Այնպիսի ժամանակի մը, երբ ճիգ չի խնայուիր քաղաքական եւ յարանուանական լարուածութիւնները նուազեցնելու, ցաւ ի սիրտ իմացանք, որ շէյխ Նմըր մահապատիժի ենթարկուած է»:

 

Նախորդը

Ֆուատ Պութրոս Ոչ Եւս Է

Յաջորդը

Կրթութեան Նախարարին Որոշումով. Պետական Եւ Անձնական Դպրոցներուն Արձակուրդը Երկարաձգուեցաւ Մինչեւ Հայկական Ս. Ծննդեան Տօն

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.