
Լիբանանը հարուածող «Վլատիմիր» ձիւնամրրիկը եղաւ խիստ: 2015-ի վերջընթեր օրուան գիշերը հասած փոթորիկը 2016-ի սկիզբը ներկեց սպիտակով մը:
Լեռնային շրջաններուն մէջ տեղացած առատ ձիւնը փակեց լեռնային բազմաթիւ ճամբաներ` քաղաքացիները բանտարկելով իրենց ինքնաշարժներուն մէջ, ինչպէս նաեւ տարբեր շրջաններու մէջ, ինչպէս` Ֆաքրա, Քֆարզըպիան, Ֆարայա, Ույուն Սիման, Այնճար, Այնաթա, Հերմել, Պընթ Ժպէյլ, Շեպաա, Քֆարշուպա, Պշարրէ, Էհտեն, Մաասեր Շուֆ-Քըֆրայա, Հատաս-Պաալպեք, Պհամտուն եւ այլն:
Երէկ գիշեր քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը կրցան փրկել 10 ընտանիքներ, որոնք Թարշիշ-Քֆարսըլուան ճամբուն վրայ կը գտնուէին` ձիւնով շրջափակուած իրենց ինքնաշարժներուն մէջ:
Պեքաայի բոլոր ճամբաները, յատկապէս Տահր Պայտարը սառեցան` արգիլելով ինքնաշարժներու երթեւեկը, նոյնիսկ երբ անոնց անիւները շղթաներով պատուած էին:
Աքքարի մէջ եւս առատ ձիւնը փակեց ճամբաները, ինչպէս նաեւ պատճառ դարձաւ ելեկտրական հոսանքի եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու խզումին: Ձիւնամրրիկին պատճառով Աքրումի շրջանը ամբողջութեամբ անջատուեցաւ Աքքարէն, որուն քաղաքապետարանները անկարող էին հասնելու շրջան եւ մաքրելու զայն շրջափակող ձիւնը:
Միւս կողմէ, տեղացած ձիւնը արդէն իսկ բարեբեր պիտի դարձնէ երկրին ձմեռնային զբօսաշրջութիւնը, որուն սիրահարները` ըլլան անոնք լիբանանցիներ, եգիպտացիներ եւ իրաքցիներ, արդէն իսկ սկսած են ուղղուիլ Ֆարայա:
Նշենք, որ այսօր կէսօրին «Վլատիմիր» փոթորիկը դարձեալ պիտի աշխուժանայ` յաւելեալ ցուրտ սփռելով Լիբանանի շուրջ:
Պէտք է նշել, որ ներքին ապահովութեան ուժերը դարձեալ կոչ ուղղեցին քաղաքացիներուն անսալու իրենց խորհուրդներուն, իսկ որեւէ օժանդակութեան պարագային` դիմելու հեռաձայնի 112 թիւին:


