Պետական նախարար Փանոս Մանճեան «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ ելեկտրականութեան թղթածրարին յատուկ համաձայնութիւններու չէ դիմած` հարց տալով, որ երբ կառավարութիւնը տակաւին չէ վաւերացուցած այդ թղթածրարը, ինչպէ՞ս կարելի է ամբաստանել նախարար մը նման համաձայնութիւններ ստորագրելու յանցանքով:
Փ. Մանճեան մաղթեց, որ կառավարութեան յառաջիկայ 7 սեպտեմբերի նիստին ընթացքին կարելի ըլլայ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը վաւերացնել, «սակայն եթէ այդ մէկը կարելի չըլլայ, ապա մենք առիթ պիտի չտանք անոնց հրճուելու կառավարութենէն մեր հրաժարականով, այլ` պիտի ուղղուինք ուրիշ լուծումներու», աւելցուց ան:


