Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

September 2, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-Ի Ապահովութեան խորհուրդը հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան ժամկէտը երկարաձգեց մէկ տարիով, այսինքն` մինչեւ 31 օգոստոս 2012:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակին կողմէ անցեալ երեքշաբթի երեկոյեան հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը նկատել տուաւ, որ Պաալպեքի Խրայպէ շրջանին մէջ երկու ընտանիքներու միջեւ արձանագրուած բանավէճ մը վերածուեցաւ զինեալ բախումներու, որոնց պատճառով արձանագրուեցան 6 զոհեր եւ վիրաւորուեցան տասնեակ ուրիշներ: Բանակը անմիջապէս փութաց զինեալ միջադէպին վայրը եւ կատարեց ձերբակալումներ ու գրաւեց գնդացիրներ:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր ողջունեց Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդին կողմէ տրուած այն որոշումը, թէ լիպիական իշխանութիւնները պիտի կազմեն յանձնախումբ մը` հետաքննութիւն բանալու համար Լիպիոյ ղեկավար Մոամմար Քազզաֆիի իշխանութեան օրով անհետացած իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն առեւանգումին մասին: Նոյն խորհուրդը պատրաստակամութիւն յայտնեց նաեւ գործակցելու այս նպատակով կազմուած լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան հետ եւ հետաքննութեան աւարտէն անմիջապէս ետք յայտարարելու անոր արդիւնքները:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ Լիբանան ամէնէն շատ ոսկի ունեցող երկրորդ երկիրն է:

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ Միէ Միէ գաղթակայանին մէջ արձանագրուած կրակոցին պատճառով զոհուած է Ֆաթհ շարժումին անդամներէն Մոհամետ Ատուան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանի ներկայ կառավարութիւնը մահաքունի մէջ է` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը կազմող քաղաքական տարբեր ուժերը բախումի մէջ են:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յառաջիկայ երկուշաբթի օր վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ նախարարական խորհրդակցական նիստի մը, որուն ընթացքին պիտի շարունակուի ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրի քննարկումը:

ՍԱՅՏԱՅԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Օսէյրան յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին դէմ կատարուած յարձակումը Լիբանանի դէմ յարձակումի համազօր է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ լիբանանեան ընդդիմութիւնն ու կառավարութեան մաս կազմող որոշ ուժեր կը փորձեն խոչընդոտներ զետեղել ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին առջեւ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը շրջանին մէջ լաւագոյնն է:

 

Նախորդը

ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏ ՀԱՅՈՐԴԻ, ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿ ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻԿ ՄՀԵՐ ՋՈՒԼՀԱՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԱՐԺԱՆԱՎԱՅԵԼ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Յաջորդը

ԺԵՄԱՅԷԼ. «ՀԸԶՊԱԼԼԱ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՎԱՐՈՒԻ ԱՅՆՊԷՍ, ԻՆՉՊԷՍ ՍԻՈՆԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԱՐՈՒԻ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԷՋ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.