
28 դեկտեմբերին տեղի ունեցած տարեվերջի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ փտածութեան դէմ պայքարին մէջ պիտի ներգրաւուին օտար անկախ փորձագէտներ:
Ան հաստատած է, որ փտածութեան դէմ պայքարը կրնայ յաջողութիւն ունենալ անկախ փորձագէտներու կողմէ կատարուած առաջարկներով:
Հայաստանի կառավարութեան այս տարուան որոշումով հաստատուեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան հակափտածութիւն ռազմավարութիւնը եւ իրականացման 2015-2018 թուականներու միջոցառումներու ծրագիրը», իսկ յուլիսին տեղի ունեցաւ Փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդի առաջին նիստը:


