Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամականի

December 29, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերը աշխարհը փոքրացուցած են: Ամէն մարդ տեղեակ կը դառնայ ամէն ինչի մասին: Պահուելիք բան չի մնար, յատկապէս տօնական օրերուն, երբ ուրախութիւնը համատարած կ’ըլլայ եւ մարդիկ իրենց ուրախութեան մէջ յաճախ չեն անդրադառնար, թէ ընկերային այդ ցանցերով ի՞նչ կը ներկայացնեն, ինչո՞ւ կը ներկայացնեն եւ ինչպէ՞ս կը ներկայացնեն…

Տօնական այս օրերու նորութիւնը դիմատետրի էջերուն երեւցող «սելֆի»-ները չեն, այլ` «Քրիսմըս»-ի ճոխ սեղանները եւ բարեմաղթութիւնները դեկտեմբեր 25-ի առիթով:

Որքան գիտենք, մանկապարտէզի առաջին դասարաններէն սորված ենք, որ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ զաւակները Սուրբ Ծնունդը եւ Աստուածայայտնութեան տօնը կը տօնեն յունուար 6-ին: Ընտանեկան հաւաքոյթները եւ բարեմաղթութիւնները կը կատարուին այդ օրը կամ նախընթաց երեկոյեան` Խթման գիշերը, որուն կապուած հայկական աւանդութիւնները հարուստ են:

«Քրիսմըս»-ը հայկական տօն չէ իր անուանումով եւ թուականով: Ինչո՞ւ տօնել զայն, երբ տան մէջ օտարներ կամ այլ յարանուանութիւններու պատկանող անդամներ չկան: Օտարամոլութիւնն ալ չափ ու սահման ունի: «Հալոուին»-էն ետք կարգը «Քրիսմըս»-ի՞ն եկած է, զայն որդեգրելու եւ տօնելու համար…:

Կրնայ առարկուիլ, թէ հոսանքն ի վեր կարելի չէ ընթանալ: Հայկական վարժարանները քանի մը տարիէ ի վեր արդէն Նոր տարուան իրենց արձակուրդը սկսած են առնել 25 դեկտեմբերի նախօրեակին` փոխան անցեալի 26 կամ 27 դեկտեմբերին: Հաստատութիւններ եւ դպրոցներ իրենց տօնավաճառները սկսած են կազմակերպել «Քրիսմըս»-էն եւ ոչ թէ Նոր տարուան կամ Սուրբ Ծնունդէն անմիջապէս առաջ: Տօնական օրերու գրեթէ բոլոր ձեռնարկները տեղի կ’ունենան դեկտեմբեր 25-ի նախօրեակին: Ինչո՞ւ առարկել այս բոլորին: Ի՞նչ հարց, եթէ «Քրիսմըս»-ը տօնենք, Նոր տարին դիմաւորենք, յետոյ ալ մեր Ծնունդը յիշենք:

Հարց է եւ այն ալ մե՜ծ հարց հայ եկեղեցւոյ գլխաւոր տօներէն Սուրբ Ծնունդը «Քրիսմըս»-ով փոխարինելը կամ` Սուրբ Ծննդեան թուականէն եւ ազգային-եկեղեցական աւանդութիւններէն հրաժարիլը, օտար բարքերու եւ սովորութիւններու անձնատուր ըլլալու համար:

Կ’արժէ մտածել այս բոլորին մասին եւ հարց տալ, թէ այս ընթացքով ժողովուրդի մը այլասերումը մինչեւ ո՞ւր կրնայ հասնիլ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Գաղութը Կորսնցուց Վաստակաշատ Դերասան Եւ Բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանը

Յաջորդը

Անդրադարձ. Նախազգուշական Քայլ Մը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.