Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Օպամա Պէտք Է Ազատ Արձակէ Դեսպան Պերը` ՏԱՀԵՇ-ի Դաշնակից Թուրքիոյ Հաճոյանալուն Համար

December 29, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

harut-sassunian1Այժմ նոյնիսկ աշխարհի ամէնէն անտեղեակ մարդն անգամ գիտէ, որ Թուրքիան ՏԱՀԵՇ-ի գլխաւոր մեղսակիցն է: Թուրքիոյ յանցագործութիւնը փաստող անհամար հրապարակումներ եղած են համաշխարհային լրատուամիջոցներու մէջ: Զարմանալի է, բայց կայ ամերիկացի դեսպան մը, որ կարծես թէ անտեղեակ է տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ կործանարար դերակատարութեան մասին, եւ այս` ոչ միայն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, այլ նաեւ` Արցախի…

Ինչպէ՞ս կրնայ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ (ԵԱՀԿ) Միացեալ Նահանգներու դեսպանը այդքան անտեղեակ ըլլալ եւ իր ելոյթով գովաբանել Թուրքիոյ «արժէքաւոր» դերակատարութիւնը արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերուն մէջ:

ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդին մէջ դեսպան Տանիէլ Պերը դեկտեմբեր 17-ին յանդգնութիւն ունեցաւ իր ելոյթով փառաբանելու Թուրքիոյ «կառուցողական դերակատարութիւնը` իբրեւ Մինսքի խումբի անդամի» արցախեան հակամարտութեան մէջ: Այնուհետեւ ան նշեց, որ` «Թուրքիան Մինսքի խումբի արժէքաւոր անդամ եղած է եւ աշխատած է համանախագահներու հետ համագործակցելով` խաղաղ բանակցային ճանապարհ գտնելու ուղղութեամբ» Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ:

Դեսպան Պերն իր անհամաձայնութիւնը յայտնած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Լուքաշեւիչին, որ երկու օր առաջ կասկածի տակ դրած էր «Թուրքիոյ կառուցողականութիւնը` իբրեւ Մինսքի խումբի անդամի»: Ռուսիոյ դեսպանը քննադատած էր Թուրքիան` «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէկ կողմին (Ազրպէյճանին)» սատարելու համար, եւ Անգարայի դիրքորոշումը բնութագրած էր իբրեւ «անընդունելի» եւ «բացարձակ կործանարար»:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան դատապարտեց դեսպան Պերի յայտարարութիւնը` զայն անուանելով «անխոհեմ»: Խաչիկեան մատնանշեց Թուրքիոյ մոլի ազրպէյճանամէտ քաղաքականութեան երկար ցանկը. «Էրտողանի կառավարութիւնը աշխուժօրէն կ՛աջակցի Ալիեւի ռազմատենչ հակահայկական դիրքորոշման` բացայայտ ռազմական օգնութիւն ցուցաբերելով եւ մարզելով ազրպէյճանցի զինուորականները, միեւնոյն ժամանակ շրջափակելով Հայաստանը, հակասելով միջազգային իրաւունքին եւ ձգտելով մեկուսացնել Երեւանը միջազգային ասպարէզի մէջ»:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահը զարմացած է, թէ ինչո՞ւ` «Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաները կ’արտօնեն, որ զիրենք իբրեւ նեցուկ օգտագործեն Էրտողանի խեղկատակութեան մէջ` ձեւացնելով, որ իբր թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը, բոլոր ապացոյցներուն հակառակ, անաչառ միջնորդի դեր կը խաղայ»: Խաչիկեանը եզրափակեց. «Այս վարչակազմի ամօթալի ժառանգութիւնը, անվերջ տեղի տալով թրքական սպառնալիքներուն, ամերիկեան սեփական արժէքներու եւ պետութեան շահերու գնով, իրօք, ազգային խայտառակութիւն է` ամերիկացի ժողովուրդի արժանապատուութիւնը ստորացնող»:

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի քանի մը անդամներ նոյնպէս դատապարտեցին դեսպան Պերի խայտառակ ելոյթը: Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոն ըսաւ, որ ինք «անհանգստացած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչին կողմէն կատարուած` Թուրքիոյ դերակատարութիւնը Մինսքի խումբի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ գովաբանող վերջին յայտարարութեամբ: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ամենասկիզբէն  Թուրքիան բացայայտ կերպով, աշխուժօրէն իր աջակցութիւնը ցուցաբերած է Ազրպէյճանին: Նմանօրինակ յայտարարութիւնը միայն պիտի նպաստէ բանակցային գործընթացի բեւեռացման»:

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան հետախուզութեան հարցերով յանձնաժողովին մէջ Դեմոկրատական կուսակցութեան գլխաւոր ներկայացուցիչ Ատամ Շիֆ աներկբայօրէն յայտարարեց, որ` «հաշուի առնելով Թուրքիոյ վարքագիծը եւ վաղեմի աջակցութիւնը Պաքուին` ան չի կրնար որեւէ կերպով հանդէս գալ իբրեւ չէզոք միջնորդ այս հակամարտութեան մէջ, որ աւելի ու աւելի կը սրի սահմանագիծի ամբողջ երկայնքին»: Քոնկրեսական Շիֆ նաեւ առաջարկեց, որ` «Լեռնային Ղարաբաղի դէմ կանգնելու փոխարէն, բոլոր երկիրները պէտք է պնդեն, որ սահմանի երկայնքին կարգաւորման սարքեր տեղադրուին, քայլ մը, որուն Հայաստանը պատրաստակամօրէն համաձայնած է, իսկ Ազրպէյճանը` ընդդիմացած, քանի որ ատիկա անկասկած ցոյց պիտի տար իր  հրահրած յարձակումները»:

Տողերու հեղինակը դեռ չէ տեսած դեսպան Պերի անխոհեմ եւ անտեղի ելոյթը վիճարկող Հայաստանի արձագանգը: Լռութիւնը կ՛ենթադրէ համաձայնութիւն` Միացեալ Նահանգներու դեսպանի անյաջող խօսքերուն: Պերը պէտք է խիստ քննադատութեան արժանանայ բոլորին` հայերու եւ ոչ հայերու կողմէ` արցախեան հակամարտութեան մէջ Թուրքիոյ վնասակար միջամտութիւնը խրախուսելու համար: Թուրքիոյ «կառուցողական» եւ «արժէքաւոր» դերակատարութիւնը գովաբանելու փոխարէն` Միացեալ Նահանգներու դեսպանը պէտք էր հետեւէր իր ռուս գործընկերոջ օրինակին եւ խարազանէր Անգարայի չարամիտ եւ կործանարար ջանքերը:

Երկու տարի առաջ, երբ Պերը երդում կու տար իբրեւ Ամերիկայի դեսպան ԵԱՀԿ-ի մէջ, ան տեսանիւթ մը  հրապարակեց, ուր ուրախութեամբ կը յայտարարէր. «Իմ կողակից Պրայեանը եւ ես, ուրախ ենք, որ պիտի ապրինք Վիեննայի մէջ, մեր շան` Քլէոյի հետ միասին: Մենք անհամբեր կը սպասենք բացայայտելու այս հրաշալի քաղաքը, լեռներ մագլցելու եւ դահուկ քշելու Աւստրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ` ճանապարհորդելու ԵԱՀԿ-ի տարածաշրջանին մէջ»:

Դեսպան Պերը կարծես թէ աւելի շատ հետաքրքրուած է զբօսաշրջութեամբ` ամերիկացի հարկատուներու հաշուին, քան` լուրջ դիւանագիտական աշխատանքով: Եթէ այդպէս է, ուստի նախագահ Օպամա պէտք է դեսպանը ազատ արձակէ իր պարտականութիւններէն, որպէսզի ան կարենայ շարունակել իր շրջագայութիւնը դէպի Եւրոպայի տեսարժան վայրերը` իր սեփական միջոցներու հաշուոյն…

 

Թարգմանութիւնը`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

Վահան Յովհաննիսեան (1956-2014). Մարտունակ Հայու Դաշնակցական Տեսակին Հայրենական Վերընձիւղումը

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Ընդմէջէն` Գրիգոր Զօհրապի Եւ Վարդգէս Սէրէնկիւլեանի Վերջին Ընթրիքը Հօրս` Կարապետ Քերոբեանի Անմար Յիշատակին

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.