
Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի արագ եւ կայծակնային մրցումի Եւրոպայի ախոյեանութեանց բացման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ եղաւ նաեւ Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան, որ արտասանած իր ողջոյնի խօսքով` շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն գեղեցիկ ձեռնարկին համար:
«Վստահ եմ, որ այս մրցաշարքին կը մասնակցին Եւրոպայի ամէնէն ուժեղ վարպետները: Ես անշուշտ պիտի քաջալերեմ ճատրակի հայ վարպետները, սակայն բոլոր մասնակիցներուն կը մաղթեմ յաջողութիւն», ըսաւ նախարարը:
Մրցաշարքին Հայաստանը կը ներկայացնեն ճատրակի վարպետներ` Ս. Մովսէսեան, Գ. Սարգսեան, Հ. Մելքումեան, Տ. Լ. Պետրոսեան, Զ. Անդրէասեան, Գ. Յարութիւնեան եւ միջազգային վարպետ Դ. Գէորգեան:


