Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Ընտրական Կեղծարարութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եթէ Այս Համակարգը Պահպանուի»

December 15, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Rustamian_121415

Ընտրական համակարգը պէտք է փոխուի այնպես, որ իշխանութեան գալը կեանքի ու մահու հարց չդառնայ. երէկ Ազգային ժողովին մէջ  լրագրողներուն ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:

«Մենք այդքան բացատրեցինք: Անոնք, որոնք չեն ուզեր հասկնալ, պարզապէս չհասկցան: Ընտրական կեղծարարութիւնը երբ կ՛ընես` ստանալու ամբողջ իշխանութիւնը, անոր համար ամբողջ մեքենայ մը կ՛օգտագործուի, իսկ երբ գիտես, որ ընես թէ չընես, իշխանութիւնը բաշխուած պիտի ըլլայ, ընտրակեղծարարութեան իմաստն ալ կը կորսուի: Այսօրուընէ մենք պէտք է նոր Ընտրական օրէնսգիրքին վրայ  աշխատինք: Փոխանակ ատիկա ընեն, կա՛մ չեն մասնակցիր ընթացքին, կա՛մ, երբ արդիւնքները ըլլան, կու գան, կ՛օգտուին»,  ըսաւ Ռուստամեան:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ Դաշնակցութենէն  ներկայացուցիչ մը յայտնած է, որ չկրցաւ կանխել ընտրատեղամասերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցող խախտումները, ան  նշեց. «Եթէ մէկը չըլլայ, կ՛ըսէիք` ինչո՞ւ ոեւէ մէկը չըսաւ, հիմա մէկը եղած է, կ՛ըսէք` ինչո՞ւ է մէկը: Ձեզի կը թուի, որ մէկն է: Եթէ ձեզի կը թուի, որ միայն մէկ հոգի կը պայքարի, չարաչար կը սխալիք: Սուտ էին այն բոլոր ըսուածները, թէ դաշնակցականները չեն պայքարած ընտրակեղծիքներուն դէմ: Անոնք, որոնք այդ մասին կը խօսին, թող իմանան, որ օրինակներ կան, ու գոնէ քիչ մը իրենք զիրենք զսպեն, հակադաշնակցական թոյն այդքան չթափեն»:

Դիտարկման, թէ դաշնակցական վստահուած անձինք չեն պայքարած ընտրախախտումներու դէմ, Ռուստամեան պատասխանեց, որ նման բան չկայ: «Ո՞վ է այդ մարդը, անունը տուէք, յստակ անուն ըսէք, յստակ բաներ խօսինք, ընդհանուր յայտարարութիւններ են, որ կը կատարէք»:

Ըստ Ռուստամեանի, «Ո՛չ»-ը պէտք է պատասխան տայ, թէ ինչո՞ւ կը  դժգոհի բանէ մը, որ կ՛ուզէ պահպանել: «Կ՛ուզեն նոյն Ընտրական օրէնսգիրքը պահպանուի, չէ՞: Կ՛ուզէք` հազար հատ ընտրութիւն կատարեցէք, նոյն գործընթացը պիտի ըլլայ: Սերունդները պիտի տեսնեն, այս համակարգը այսպէս է», ըսաւ Ռուստամեան եւ նշեց, որ կը ստեն այն մարդիկը, որոնք կ՛ըսեն, թէ ՀՅԴ-ն չի պայքարիր ընտրակեղծիքներուն դէմ:

«Մենք կեղծիքներուն մասին չենք լռած: Մենք յայտարարութիւն ըրած  ենք ընտրակեղծիքներու մասին: Մենք կ՛ըսենք, որ չկայ գործիք մը, որ փաստէ կեղծիքներու այն ծաւալը, որուն միջոցով ակնյայտ դառնայ, որ հանրաքուէն չէ կայացած: Օրինակ` 80 տեղամասերու մէջ բողոք ներկայացուած է, այդ 80-ը եթէ բազմապատկէք, ենթադրենք, 500 կեղծիքով, կը տեսնէք, որ կը ստացուի 40 հազար թիւը: Այդ թիւը բաւական չէ, որ նկատենք, որ «Ո՛չ»-ը յաղթած է, եւ մէկ չորրորդի շեմը չէ յաղթահարուած», ըսաւ Ռուստամեան` աւելցնելով, որ ընտրական կեղծարարութիւնը պիտի շարունակուի, եթէ այս համակարգը պահպանուի:

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Ուղերձը` ՀՅԴ 125-Ամեակի Առիթով

Յաջորդը

Ռէալ Մատրիտի Բողոքը Կը Մերժուի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.