Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Համաձայնական Կառավարութիւն Մտնելու Հարց Քաղաքական Օրակարգի Վրայ Չունինք» Կ՛ըսէ Հրանդ Մարգարեան

December 14, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hrant_121315

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, «Երկիր»-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին խօսելով ՀՅԴ-ի` համաձայնական կառավարութիւն մտնելու հաւանականութեան մասին, յայտնեց, որ նման առաջարկ իրենք տակաւին չեն ստացած, ոչ ալ այդ մասին քննարկում ունեցած են: «Նման օրակարգ մեր մօտ գոյութիւն չունի»,  ըսաւ Մարգարեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ եթէ համաձայնական կառավարութիւն կազմելու առաջարկ ըլլայ, կը համաձայնի՞ն, Մարգարեան ըսաւ. «Մենք, յամենայն դէպս, պատասխանատուութենէ փախչող չենք, բայց ամէն գնով համաձայնական կառավարութեան մը մէջ ըլլալու հակամէտ ալ չենք: Պայմաններով կրնանք ընդունիլ համագործակցութեան ձեւ մը, բայց ատիկա չի կրնար ինքնանպատակ ըլլալ: Մենք ունինք ծրագիր, մենք միշտ ըսած ենք, որ ունինք եօթը կէտ, օրակարգ, որուն մասին միշտ խօսած ենք. բաց են մեր օրակարգերը, եւ բնական է, որ անոնք պէտք է բաւարարուին, եթէ համագործակցութիւն ըլլայ»:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին խօսքով` համագործակցութիւնը տարբեր ձեւերով կրնայ ըլլալ: «Մենք չենք քննարկած համագործակցութեան հարցը, որ որեւէ նախընտրութիւն ունենանք: Մենք ունինք մէկ օրակարգ, որուն մասին բոլոր քաղաքական ուժերուն ըսած ենք` եթէ  ընդունիք, մենք պատրաստ ենք ձեզի հետ համագործակցելու», ընդգծեց ան:

Հրանդ Մարգարեան անդրադարձաւ նաեւ ՀՅԴ-ի հասցէին հնչող քննադատութիւններուն, որոնք գլուխ բարձրացուցին քաղաքական օրակարգին մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու հարցին ի յայտ գալէն ետք: «Սահմանադրական հանրաքուէին վերաբերեալ ՀՅԴ-ի հասցէին հնչող քննադատութիւնը պարզապէս անբարոյականութիւն է:

Մենք մասնակցած ենք այս ընտրութիւններուն այնպէս, ինչպէս ընդդիմութիւնը մասնակցած է: Ընդդիմութիւնը ըրած է` ինչ որ ըրած է, ըրած ենք նաեւ մենք: Ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս: Եթէ համեմատենք նախորդ ընտրութիւններուն հետ, այն ժամանակ ալ աւելին չենք ըրած, քան այս անգամ: Բանը այն է, որ այս ընտրական համակարգին մէջ բացառուած չեն խախտումները, եւ մենք պէտք է փորձենք ընտրական համակարգը փոխել, Ընտրական օրէնսգիրքը փոխել, կառոյցը փոխել եւ այդ պատճառով մենք միշտ խօսած ենք, ունինք առաջարկ եւ հիմա ալ այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատինք», ըսաւ ան:

Ինչ կը վերաբերի Հայ ազգային քոնկրեսին` Սահմանադրական դատարան դիմելու միջոցով հանրաքուէի արդիւնքները չեղեալ նկատելու ձգտումներուն, Մարգարեան ատիկա բնական կը նկատէ: «Բնական է, որ անոնք կրնան այդպէս վարուիլ, բայց մենք չունինք այդ համոզումը, որ հանրաքուէն կեղծուած է այն չափով, որ արդիւնքները փոխուին: Եթէ անոնք դիմեն Սահմանադրական դատարան, մենք ուշադրութեամբ պիտի հետեւինք. եթէ դատարանը ունենայ յստակ  որոշում, մենք այդ որոշումը հաշուի պիտի առնենք», շեշտեց Հ. Մարգարեան:

 

 

Նախորդը

Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատ Մամլոյ Ասուլիս Պոլսոյ Մէջ

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններու Նախագիծը` Ընդունուած

RelatedPosts

Ակնարկ  Վենեզուելա – Իրան – Քուպա
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Վենեզուելա – Իրան – Քուպա

September 30, 2026
Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.