Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութեանց Աշխատանքներու Համակարգման Խորհուրդի Հաղորդագրութիւնը

December 12, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

CCAF_121115

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու աշխատանքներու համակարգման խորհուրդը երեսփոխան Վալերի Պուայէի կողմէ Ֆրանսայի խորհրդարանին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին մասին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ Պուայէ իր այդ քայլով վերարդիականացուցած է մարդկային իրաւանց եւ մարդկային արժանապատուութեան բոլոր պաշտպաններուն պահանջներէն մէկը: Խորհուրդը կ՛ողջունէ, որ ժխտողականութեան օրէնքով պատժումի սկզբունքը արժանացած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի բոլոր խմբաւորումներուն աջակցութեան` աւելցնելով, որ այդ օրինագիծի օրէնքներու յանձնախումբին փոխանցումը եթէ մէկ կողմէ կարելի է արդարացնել Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ դարձեալ մերժումը կանխարգիլելու մտահոգութեամբ, միւս կողմէ` հարցի յաւելեալ երկարաձգման պէտք չէ ծառայէ:

Խորհուրդը կառավարութեան, խորհրդարանական մեծամասնութեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպաններուն կոչ կ՛ուղղէ Հայոց ցեղասպանութեան պետական մակարդակի անընդունելի ժխտումին դէմ պայքարը նկատելու իրենց պայքարը եւ այդ երեւոյթին իրաւական հակադարձութիւն մը գտնելու:

«Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու աշխատանքներու համակարգման խորհուրդը այսուհետեւ հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտէն կը սպասէ, որ իր ստանձնած յանձնառութեան համաձայն, լաւագոյն ժամկէտին խորհրդարանին ներկայացնէ օրէնքի նախագիծ մը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նախորդը

Անթիլիասի Ճաշարաններէն Մէկուն Մէջ Պիւթակազի Շիշի Պայթում Մը Կը Պատճառէ Վիրաւորներ

Յաջորդը

Երեւանի Մէջ ՀՅԴ 125-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում` Պաշտօնական Տօնակատարութեամբ, Քայլարշաւով Եւ Եռաբլուրի Ու Քաղաքային Պանթէոններ Այցելութեամբ

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.