Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Խօսքը. Յառաջդիմականութիւնը` Պայման

December 11, 2015
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ-ի պատմութեան մէջ անհերքելի տեղ ունեցած է յառաջադէմ երիտասարդ ուսանողութիւնը: Յառաջդիմական գաղափարները բոլոր սթաթիւս քօ-ները հարցադրող, հարցերու տրամաբանական, իրապաշտ եւ այլընտրանքային լուծումներ որոնող գաղափարներն են:

ՀՅԴ-ն ինքնին յառաջդիմական գաղափարներու ծնունդ է: Արդարեւ, ՀՅԴ հիմնադիր սերունդը թրծուած էր յառաջդիմական, յեղափոխական գաղափարներով: Անոնք լաւապէս ճանչնալով հայ ժողովուրդը` կրցան սոյն գաղափարները պատշաճեցնել անոր: Այսպէս, անոնք մերժեցին ամբոխային տրամաբանութիւնը, գծեցին իրենց ուրոյն ուղին եւ ունեցան մեծ թիւով հետեւորդներ: Այս գաղափարներուն շնորհիւ` հայ ժողովուրդը սկսաւ դուրս գալ իր ստրկութենէն, սկսաւ զարգանալ ու մերժել հաստատուած կացութիւնները, ունեցաւ քաղաքական շրջանային կշիռ եւ կերտեց անկախութիւն: Յստակ է, որ յառաջդիմականութիւնը, փոփոխութեան ձգտումը, սթաթիւս քոյի մերժումը եւ անոնց լայն տարածումը պատճառ դարձան այս յաջողութեան:

Բնական է, որ որեւէ յառաջդիմական մտածողութիւն բախի հաստատուած պահպանողական մտածողութեան: Արդարեւ, ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կառչած կը մնայ հաստատուած սթաթիւս քոյին, ան ապահով կը զգայ այդ կացութեան մէջ, յառաջդիմական գաղափարներուն մէջ ան կը տեսնէ մեծ վտանգ: Նոյնն էր պարագան ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան շրջանին: Սակայն ՀՅԴ-ն, շնորհիւ իր հիմնադիրներուն ու գործիչներուն, կրցաւ ժողովուրդը համախմբել յառաջդիմական գաղափարներուն շուրջ:

20-րդ դարու սկիզբը յառաջդիմական գաղափարներ էին` մարդկային, ընկերային իրաւունքները, ազգային գիտակցութիւնն ու անոր համար պայքարը, քիւրտերու կամ երիտթուրքերու հետ գործակցութիւնը:

Այսօր դարը փոխուած է, յառաջդիմականութիւնն ալ ստացած է նոր ըմբռնում: Նախկին յառաջդիմական գաղափարները եկած են վերածուելու պահպանողական գաղափարներու: Ժողովուրդն ալ իր բնական ընթացքով սկսած է հեռանալ քաղաքական, յառաջդիմական գաղափարներէն:

Փաստ է, որ ՀՅԴ-ն 125-ամեայ փորձով հաստատուած, կայացած կազմակերպութիւն է: Այստեղ թերահաւատներ հարց կրնան տալ, թէ արդեօք ՀՅԴ-ն սկսած է զիջի՞լ իր յառաջդիմականութենէն ու վերածուած է պահպանողական կազմակերպութեա՞ն: Իրականութիւնը սակայն այդպէս չէ: ՀՅԴ-ն չի կրնար պահպանողական կազմակերպութիւն ըլլալ: Ատիկա իր տեսակին համահունչ չէ:

Եւ ճիշդ այս կէտին մէջ կը կայանայ դաշնակցական ուսանողին դերը: Դաշնակցական ուսանողը պէտք է ըլլայ յառաջդիմական, հարցադրէ բոլոր հաստատուած  տրամաբանութիւնները, ի հարկին նաեւ մերժէ սխալ տրամաբանութիւնները ու պայքարի անոնց դէմ: Դաշնակցական ուսանողը պէտք է առաջնորդուի առարկայականութեամբ ու կարելի եղածին չափ խուսափի ենթակայական, յաճախ նաեւ հռետորական երազներէն ու մարտավարութիւններէն: Ան պէտք է հաւատայ յստակ մարտավարութեան մը, որ պիտի հասցնէ իր երազած նպատակներուն եւ ամէն ճիգ ի գործ դնէ այդ մարտավարութեան գործադրութեան: Նկատի ունենալով, որ ան պէտք է ամէնէն յառաջդիմական տարրը ըլլայ կազմակերպութեան մէջ, ան առաջնորդող դեր պէտք է ունենայ նոյնիսկ այդ մարտավարութեան ծրագրումին:

Ան պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնէ` վերջ տալու պահպանողական խաւի գերակշռութիւնը (եթէ ատիկա գոյութիւն ունի), դիմագրաւելու նոր մարտահրաւէրները իրենց արժանի հասունութեամբ, տրամաբանութեամբ եւ առարկայական ձեւով:

Այստեղ հարկ կը տեսնենք նշելու, որ ամէն ուսանող յառաջդիմական չ՛ըլլար, ինչպէս նաեւ պայման չէ յառաջդիմական տեսլականը, անպայման ուսանողին ըլլայ: Արդարեւ, շատ են այն ուսանողները, որոնք, հակառակ իրենց ստացած ուսումին, չունին քաղաքական յառաջդիմականութիւն: Անոնք կը սահմանափակուին անցեալի եղած փառքերով ու կը փորձեն վերարտադրել զանոնք: Անոնք յաճախ չեն ունենար ընդհանուր մարտավարութիւն: Անոնց յաջողութիւնները կ՛ըլլան անջատ յաջողութիւններ, որոնք չեն ունենար դրական, շարունակական ազդեցութիւն ընդհանուր գործին վրայ:

ՀՅԴ-ն 125-ամեայ իր ընթացքին միշտ առաջնորդուած է յառաջդիմական գաղափարներով, եւ քանի այս դրութիւնը կը շարունակուի, ան պիտի բարգաւաճի ու աւելի ու աւելի մօտենայ մեր անկատար նպատակներուն: ՀՅԴ-ի յառաջդիմականութեան մէջ մեծ դերն ունեցած է ու պիտի ունենայ դաշնակցական յառաջդիմական ուսանողութիւնը:

Նախորդը

Հին Եւ Նոր Մարտահրաւէրներ

Յաջորդը

Հերոսամարտին Իմաստը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

October 2, 2026
«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Զաւարեանական

«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

October 2, 2026
Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն
Զաւարեանական

Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.