Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԽԽՎ-ի Դէտերը Հրապարակած Են Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Հանրաքուէին Իրենց Արժեւորումը

December 9, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ykkv_120815

Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) պատուիրակութիւնը, որ դիտորդական առաքելութիւն կատարեց 6 դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէին ընթացքին, հրապարակած է իր արժեւորումը:

ԵԽԽՎ-ի պաշտօնական կայքին մէջ նշուած է, որ  հանրաքուէով ընդունուեցաւ նոր սահմանադրութիւնը, ըստ նախնական արդիւնքներուն, քուէարկութեան մասնակիցներուն 64 տոկոսը թեր քուէարկած է` այսպիսով ապահովելով սահմանադրական փոփոխութիւններու ընդունման համար անհրաժեշտ արձանագրուած ընտրողներուն 25 տոկոսի մասնակցութեան օրինաթիւը:

«Համեմատաբար ցած մասնակցութիւնը, բնակչութեան մօտ 50 տոկոս, արտացոլացումն է այն փաստին, որ հանրաքուէն պայմանաւորուած է քաղաքական շահերով», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նշուած է, որ 2,5 տարուան բարեփոխումներու հոլովոյթը այնքան ամբողջական չէր, խորհրդարանը ունէր ընդամէնը քանի մը շաբաթ բովանդակութիւնը քննարկելու համար եւ հանրային բանավէճը սահմանափակուեցաւ 2 ամիսով` դժուարացնելով համաձայնութեան ձեռք բերումը:

«Այսպիսով, սահմանադրական բարեփոխութիւններու հիմնական առանցքը` նախագահական համակարգէն խորհրդարանական համակարգին անցումը, բազմաթիւ քաղաքացիներու կողմէ կը դիտուի իբրեւ ներկայի նախագահին իշխանութեան վրայ մնալու միջոց` անոր երկրորդ եւ վերջին ժամկէտին աւարտէն ետք»:

Քուէարկութեան հոլովոյթին առնչութեամբ պատուիրակութիւնը կ՛ափսոսայ, որ իշխանութիւնները մտահոգ չէին դէպի նոր սահմանադրութիւն տանող հոլովոյթին անաչառութեամբ եւ նշած են քանի մը հարցեր.

– Ընտրացանկերուն մէջ անճշդութիւնները, հոն կային մնայուն կերպով Հայաստանէն դուրս բնակող կամ նոյնիսկ մահացածներու անուններ` հաստատելով այն պնդումները, որ այս անունները կ՛օգտագործուին այն մարդոց կողմէ, որոնք քանի մը անգամ կը քուէարկեն:

– Մեծ չափերու կազմակերպուած ընտրակաշառքներ, ընտրողներու վրայ ճնշում գործադրելու պնդումներ:

– Լրատուական դաշտը անգամ մը եւս հաւասար մօտեցում չունէր, եւ քաղաքական կուսակցութիւնները չեն կրցած կատարել իրենց պարտականութիւնները` հասարակութիւնը տեղեակ պահելու եւ զայն քուէարկութեան մղելու:

– Գործադիր մարմիններուն կողմէ վարչական կարողականութեան չարաշահում:

– Ընտրական պաշտօնեաներու ճնշումներու, կաշառելու պնդումները:

– Տեղամասային ընտրական պաշտօնեաներու վերապատրաստման թերութիւնները` յատկապէս հաշուարկի ընթացքին:

– Շարժական քուէարկութեան բացակայութիւնը բացառած է հաշմանդամ քաղաքացիներուն արդիւնաւէտ մասնակցութիւնը:

ԵԽԽՎ-ի պատուիրակութիւնը կոչ ուղղած է իշխանութիւններուն` անդրադառնալու այս խնդիրներուն, որպէսզի վստահութիւն հաստատուի  քուէարկութեան հոլովոյթին եւ քաղաքականութեան մէջ ընդհանրապէս` ապահովելու համար Հայաստանի իրական ժողովրդավարական ապագան:

ԵԽԽՎ-ի պատուիրակութիւնը Հայաստան գտնուած է 4-7 դեկտեմբերին, հանդիպումներ ունեցած է քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարներուն եւ ներկայացուցիչներուն, Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահին, քաղաքացիական հասարակութեան եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւանց գրասենեակի փորձագէտներուն հետ:

Դիտորդական առաքելութեան ղեկավարն էր Զուիցերիոյ պատգամաւոր Անտրէաս  Կրոսը: Պատուիրակութեան մէջ էր նաեւ  Հայաստանի հարցով ԵԽԽՎ-ի համազեկուցող Ալան Միլը, Զուիցերիոյ պատգամաւոր Տորիս Ֆիալան:

 

 

Նախորդը

Նախագահական Ընտրութեան «Ֆրենժիէ-Հարիրի» Տարազով Ներկայացուած Համաձայնութիւնը Սառեցուած Է

Յաջորդը

Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանութիւն. Պէտք Է Համոզել Հայ Ժողովուրդը, Որ Հանրաքուէի Արդիւնքները Վստահելի Են Եւ Օրինական

RelatedPosts

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին  Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»

January 31, 2026
Հայաստանը Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան  Հիմնադրամէն Պիտի Ստանայ 10 Միլիոն  Եւրոն. Հունգարիան Վերցուցած Է Արգելքը
Հայկական

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Աջակցութեան Նոր Միջոց Կը Տրամադրէ

January 31, 2026
Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն  Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.