Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԷԿ ՏԱՐՈՒԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՄԻՋՈՑ

August 30, 2011
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական կառավարութեան որոշումը` 1936 թուականին հաշուառուած եւ  Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններէն 1974-ի Վճռաբեկ դատարանի որոշումով բռնագրաւուած ունեցուածքը պիտի վերադարձուի տէրերուն,  կարելի է նկատել զգայացունց: Թրքական «Աքշամ» օրաթերթին փոխանցումով, ազգային փոքրամասնութիւններու 162 հիմնադրամներուն պատկանող անշարժ գոյքը,  որուն մէջ կը մտնեն  նաեւ գերեզմանները,  աղբիւրները, դպրոցները եւ այլն, 12 ամսուան ընթացքին պէտք է վերադարձուին ազգային փորքամասնութիւններու հիմնադրամներուն: Այն գոյքին համար, որ անցած է 3-րդ անձի ձեռքը,  պետութիւնը համայնքի հիմնադրամին կը վճարէ գոյքին արժէքը: Յայտնի է, որ միայն Պոլսոյ հայկական եկեղեցիներու հիմնադրամներուն պատկանող 30  տարբեր  շինութիւն պէտք է վերադարձուի:

Տեղին է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին հրապարակած մտահոգութիւնը, որուն համաձայն, պաշտօնական Անգարան ծխածածկոյթ կը յառաջացնէ այս ձեւով Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարանին մէջ ունենալիք  կորուստներէն, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ  շրջանառուող` Թուրքիոյ քրիստոնէական համայնքներու նկատմամբ ճնշումներու վրայ ուշադրութիւն հրաւիրող օրինագիծերու բացասական հետեւանքներէն խուսափելու համար:

Այս ինքնին կը նշանակէ, որ Հայ դատի յանձնախումբի որդեգրած ռազմավարական փոփոխութիւնը իր արդիւնքները սկսած է տալ արդէն: Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջին առընթեր յանձնախումբը Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին ներկայացուցած էր նաեւ Թուրքիոյ տարածքին ապրող փոքրամասնութիւններու կրօնական ազատութիւններու յարգումին եւ եկեղեցիներու եւ եկեղեցապատկան կալուածներու վերադարձի պահանջը: Թրքական անհանգստութիւնը շեշտելով` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը յայտարարէ, որ պիտի շարունակէ իր աշխատանքները, որպէսզի  քրիստոնէական համայնքներուն վերադարձուի Թուրքիոյ ոճրագործութեան հետեւանքով անոնցմէ խլուած ամբողջ ունեցուածքը:

Ճիշդ այստեղ է, որ խուսանաւած է փաստօրէն Թուրքիոյ այսօրուան կառավարութիւնը: Որոշումը ճշդած է ժամանակ, որ կը վերաբերի 1936-ի հաշուառումին եւ 1974-ի բռնագրաւումին: Եթէ բռնագրաւեալ ունեցուածքներու վերադարձի մասին է խօսքը, ապա պէտք է ետ երթալ բաւական ժամանակ առաջ` իմանալու համար, որ ցեղասպանական քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք տարածքներու, եկեղեցիներու,  կալուածներու, տուներու, գործատեղիներու եւ տարբեր ունեցուածքներու հաշուառումը տեղ գտա՞ծ է պետական արխիւներուն մէջ: Թուրքիան սահմանափակ հատուցումի գործողութիւն կատարելով կը նպատակադրէ փակել նաեւ ի շարս քրիստոնէական այլ համայնքներու այս պարագային` հայկական պահանջատիրութեան թղթածրարը` ժամանակի նեղ սահմաններ ճշդելու յստակ խուսանաւումով: Պատահական չէ ուրեմն,  որ Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչը կը շեշտէ ոճրագործութեան հետեւանքով ամբողջ ունեցուածքներուն վերադարձի անհրաժեշտութիւնը:

Ճիշդ է, որ ծխածածկոյթի եւ մանաւանդ հատուցումի խեղուած եւ սահմանափակ տարբերակով պաշտօնական Անգարան ժողովրդավարութեան ցուցադրութիւն կը կատարէ եւ  աննախադէպ նորութիւն կը հրամցնէ ազգային փոքրամասնութիւններէն առաջ միջազգային ընտանիքին, Եւրոպային: Այսուհանդերձ, կարեւոր է տեսնել նաեւ ինչպէս եւրոպական նորմերու համարկման ձգտումը, այնպէս ալ արտաքին վտանգաւոր կացութիւնը Թուրքիոյ համար, որուն դիմաց աւելի կը բացատրուին ներքին ուղղութեան վրայ առնուած այս քայլերը:

Յամենայն դէպս դէպքերը արագ են. կառավարութիւնը այս գոյքերու վերադարձին համար ճշդած է մէկ տարուան ժամանակամիջոց: Մէկ տարուան այս ընթացքին Հայ դատի յանձնախումբերը վստահաբար քոնկրեսի թէ եւրոպական կառոյցներու ժողովասրահներուն մէջ պիտի շարունակեն փաստել, որ բռնագրաւեալ բաժինները ոչ միայն Կիւլպենկեան շէնքը,  Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական դպրոցը, նոյն եկեղեցւոյ պատկանող բնակելի շէնքը, խաղահրապարակը եւ ճաշարանը, Ազգային Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցին պատկանող վեց բնակելի շէնք եւ տարբեր նպատակի ծառայող այլ շէնքեր, ինչպէս նաեւ մէկ հողատարածք եւ մէկ գերեզմանատուն են, այլ ամբողջ բնօրրան մը, պատմական հայրենիք մը: Անգարան մէկ տարուան ժամանակամիջոց ճշդած է հատուցումի թղթածրարը փակելու համար: Մենք նոյն ժամանակամիջոցին պէտք է պատրաստենք  հատուցումի ամբողջական եւ իրաւական մե՛ր թղթածրարը:

 

 

Նախորդը

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵՒԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ ԿԸ ԾԱՆՈՒՑԱԳՐՈՒԻ ՃԱՄԲՈՒ ՆՇԱՆՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ

Յաջորդը

Ա.ԹԷ.ՍԷ.ԷԼ.- ԹԵՆԻՍԻ ՏԵՂԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ` 5 – 11 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 23, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.