
Երէկ կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ սպաննուած նահատակ բանակային Մոհամետ Համիէի դիակը փոխադրուեցաւ անոր ծննդավայրը` Պեքաայի Թարայա գիւղաքաղաքը, ուր կատարուեցաւ անոր յուղարկաւորութիւնը:
Թաղման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Համիէի բանակային բարեկամները, բանակի հրամանատարութեան ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ սգաւորներու հոծ բազմութիւն մը, որոնց մէջ էին նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ սպաննուած նահատակ բանակայիններ Ալի Պազզալի եւ Ապպաս Մըտլեժի ընտանիքները:
ՄԻՒՍ կողմէ, լիբանանեան բանակը երէկ շարունակեց բուռն կերպով ռմբակոծել Արսալի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքները` ուղղակի թիրախ դարձնելով հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն դիրքերը:


