Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պելկրատի Մէջ` Լաւրով- Չաւուշօղլու Ձախող Հանդիպում

December 5, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լաւրով եւ Չաւուշօղլու
Լաւրով եւ Չաւուշօղլու

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հինգշաբթի օր Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն աւարտին Լաւրով յայտարարեց. «Չաւուշօղլուէն ռուսական օդանաւի վար առնուելուն մասին որեւէ նորութիւն չլսեցի»: Ան նշեց, որ Չաւուշօղլու կրկնած է Թուրքիոյ նախագահին եւ վարչապետին կեցուածքները, «իսկ մենք կրկնեցինք, մեր այն կեցուածքը, որ ատիկա ոճրային արարք է»:

Չաւուշօղլու իր կարգին յայտնեց. «Ռուսիոյ հետ մեր հարցը մէկ հանդիպումով պիտի չլուծուի, սակայն կարեւորը հաղորդակցութեան ուղին բաց պահելն է»: Ան յոյս յայտնեց, որ Ռուսիա կը հրաժարի առանց փաստերու ներկայացման Թուրքիոյ հասցէին հնչեցուցած իր ամբաստանութիւններէն:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հինգշաբթի օր Ռուսիոյ Դաշնակցային ժողովին ուղղուած իր խօսքին մէջ յայտարարեց. «Մենք գիտենք, թէ ո՛վ Թուրքիոյ մէջ իր գրպանները կը լեցնէ Սուրիայէն գողցուած քարիւղի վաճառքէն: Մենք կը հասկնանք նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ պահուըտած են այն զինեալները, որոնք 1990-ականներուն կռուած են Հիւսիսային Կովկասի մէջ: Միեւնոյն ժամանակ թուրք ժողովուրդը բարի է, աշխատասէր եւ տաղանդաւոր: Թուրքիոյ մէջ մենք շատ վստահելի բարեկամներ ունինք»:

Անդրադառնալով «Սու-24»-ի միջադէպին` Ռուսիոյ նախագահը նշեց, որ միայն «Ալլահը գիտէ, թէ ինչո՛ւ թուրքերը ատիկա ըրին: Ես առհասարակ չեմ հասկնար, թէ ինչո՛ւ անոնք ատիկա ըրին: Որեւէ հարց կարելի էր լուծել այլ ճանապարհով: Մենք պատրաստ էինք համագործակցելու Թուրքիոյ հետ ամէնէն զգայուն հարցերուն մէջ»:

«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Ռուսիոյ կողմէ ՏԱՀԵՇ-էն քարիւղ գնելու վերաբերեալ Թուրքիոյ ուղղուած ամբաստանութիւնները կը նմանին խորհրդային քարոզչութեան: «Պաղ պատերազմի տարիներուն կը գործէր խորհրդային քարոզչամեքենան: Ամէն օր ատիկա կը ստեղծէր սուտեր, որոնց նախ եւ առաջ կը հաւատային իրենք եւ կը սպասէին, որ ամբողջ աշխարհը եւս պիտի հաւատայ», յայտարարած է ան` աւելցնելով, որ սակայն ոչ ոք այդ քարոզչութեան նշանակութիւն կու տար:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Եաշար Եաքըշ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ արտահանուող «ՏԱՀԵՇ-ի քարիւղը» Անգարա կ’երթայ, իսկ այդտեղէն ալ` Իսրայէլ: Ան այդ առնչութեամբ մանրամասնութիւններ ներկայացուց:

Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաք երէկ յայտարարեց, որ Ռուսիոյ կառավարութիւնը որոշած է դադրեցնել «Թրքական հոսք» խողովակաշարի նախագիծի կառուցումը: Մէկ օր առաջ հաղորդուած էր, որ Ռուսիոյ կառավարութիւնը որոշած է դադրեցնել գործունէութիւնը առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան ռուս¬թրքական խառն միջկառավարական յանձնախումբի, որ ռուսական կողմէն կը գլխաւորէ Նովաք:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ Պելկրատի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնելու ջանքերուն պէտք է մասնակից դարձնել սուրիական եւ արաբական ցամաքային ուժեր, որովհետեւ միայն օդային հարուածներով կարելի չէ յաղթանակ արձանագրել:

 

Նախորդը

Տաւութօղլուի Պաքուէն Ուղղած Կոչը Հայաստանին. «Եթէ Դուք Սկսիք Խաղաղութեան Հոլովոյթը` Վերադարձնելով Ձեզի Չպատկանող Հողերը, Դուք Ալ Կրնաք Մասնակցիլ Շրջանին Մէջ Ձեւաւորուած Խաղաղութեան Դաշինքին»

Յաջորդը

Փութինի Հետ Դէմ Առ Դէմ Հանդիպում Ակնկալելու Կողքին. Թուրքիան Չի Պատրաստուիր Ռուսիայէն Ներում Հայցելու

RelatedPosts

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը
Գլխաւոր լուրեր

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը

September 30, 2026
Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»
Միջազգային

Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»

September 30, 2026
Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի
Միջազգային

Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.