Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պէյրութ Չենց» Փառատօնի Ծիրին Մէջ. Բարձր Մակարդակի 28 Ելոյթներ` Մինչեւ 23 Դեկտեմբեր

December 5, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Beirut-Chants-festival_120115

Կազմակերպութեամբ «Պէյրութ Չենց» փառատօնին, գործակցութեամբ Պէյրութի մէջ Իտալիոյ մշակութային հաստատութեան, երեքշաբթի, 1 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մարոնիներու Սեն Ժորժ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Պէյրութ Չենց» փառատօնին բացումը` Ճիաքոմօ Փուչինիի «Լա մեսա տի կլորիա»-ով, զոր կատարեց «Ճիովանիլ» նուագախումբը` «Պէյրութ Չենց» փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Թուֆիք Մաաթուքի խմբավարութեամբ: «Ճիովանիլ» նուագախումբին ընկերակցեցան Անտոնեան եւ «Էն. Տի. Եու.» համալսարաններու երգչախումբերը` հայր Խալիլ Ռահմէի խմբավարութեամբ:

Ելոյթին բացման խօսքը արտասանեց Միշլին Ապի Սամրա` «Պէյրութ Չենց» փառատօնի հիմնադիրը: Ան նշեց, որ ներկայիս Պէյրութ դէմ յանդիման կը գտնուի բազմաթիւ մարտահրաւէրներու, որոնցմէ հիմնականը իր բազմամշակութային քաղաք մը ըլլալուն դէմ սպառնալիքն է: Ապի Սամրա ըսաւ. «Երաժշտութիւնը աւելի բարձր կը հնչէ, քան բռնութիւնը, եւ Պէյրութը պիտի երգէ խաղաղութեան եւ համերաշխութեան համար»: Արդարեւ, Միշլին Ապի Սամրա յաջողեցաւ երաժշտութեան շուրջ համախմբել տարբեր ազգութիւններու, կրօններու եւ դաւանանքներու պատկանող տարրեր: Ըստ Ապի Սամրայի, «Պէյրութ Չենց» փառատօնը միջոց մըն է մարդկային արժէքները վերարժեւորելու` տրուած ըլլալով, որ անոնք հսկայական անկում կրած են: Միշլին Ապի Սամրա եզրափակեց իր խօսքը հաստատելով, որ Պէյրութը երջանկութեան, փոխադարձ յարգանքի, սիրոյ եւ համերաշխութեան խորհրդանիշ եղած է եւ պիտի շարունակէ մնալ:

Այս տարի, 8-րդ անգամ ըլլալով, «Պէյրութ Չենց» փառատօնը լիբանանցի երաժշտասէրներուն կը հրամցնէ 28 ելոյթներ, որոնք կը գոհացնեն զանազան երաժշտական ճաշակներ ունեցող հանդիսատեսներ: Վերոյիշեալ փառատօնը կ՛ընդգրկէ լիբանանցի եւ օտար մենակատարներու, երգչախումբերու եւ նուագախումբերու ելոյթներ: «Պէյրութ Չենց» փառատօնի ելոյթները կը շարունակուին օրական դրութեամբ մինչեւ չորեքշաբթի, 23 դեկտեմբեր: Նշենք, թէ շաբաթ, 5 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ պիտի ունենան Զաքար Քէշիշեան եւ Քամիլա Քէշիշեան-Երկանեան, կիրակի, 6 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ պիտի ունենայ «Կռունկ» երգչախումբը, իսկ ուրբաթ, 18 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ պիտի ունենայ  «Ալ Ֆայհա» երգչախումբը: Վերջապէս, կիրակի, 20 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, դարձեալ Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ պիտի ունենայ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը:

Նշենք, թէ այս փառատօնի ելոյթներուն մուտքը ազատ է` որակաւոր երաժշտութիւնը բոլորին մատչելի դարձնելու նպատակով:

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ընտանիքի Անդամներուն Փոխյարաբերութիւնը» Նիւթով

Յաջորդը

Մարոյին

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.