Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց Տալով Պատկերասփիւռի Կայաններուն. Նախագահ Սարգսեան Անդրադարձաւ Սահմանադրական Բարեփոխումներուն

December 4, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sargsian_120315

Երէկ նախագահ Սերժ Սարգսեան 6 դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին վերաբերեալ հարցազրոյց մը ունեցած է հայրենի լրատուամիջոցներու պատկերասփիւռի կայաններուն հետ: Հարցազրոյցին ընթացքին պատասխանելով լրագրողներու առաջին հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը տեսնէ իր քաղաքական ապագան, նախագահ Սարգսեան ըսած է, թէ այդ մասին կարելի է խօսիլ միայն 2017-ին տեղի ունենալիք Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք:

Խօսելով սահմանադրական փոփոխութիւնները քննադատողներուն հիմնական մտահոգութիւններէն մէկուն` կայուն մեծամասնութեան ձեւաւորման դրոյթի մասին, նախագահ Ս. Սարգսեան նշեց. «Նախ, պէտք է ըսեմ, որ վերապահութիւններու մեծ մասը կապուած է սահմանադրութեան յատկապէս այդ յօդուածին հետ: Բայց ես անկեղծութեամբ կ՛ըսեմ` տակաւին որեւէ յստակ մօտեցում ընտրական օրէնսգիրքին նկատմամբ չկայ: Բայց կայուն մեծամասնութիւն, չի նշանակեր պարտադիր` երկրորդ հանգրուանի կազմակերպում: Երկրորդ հանգրուանի կազմակերպումը կարելիութիւններէն մէկն է»:

Խօսելով սահմանադրական փոփոխութիւններու անհրաժեշտութեան մասին` նախագահ Ս. Սարգսեան ընդգծեց, թէ վտանգ կը տեսնէ գործող սահմանադրութեան կարգ մը կարգաւորումներուն մէջ եւ իր պարտքը կը նկատէ բարձրաձայնել այդ վտանգին մասին:

Նախագահը անդրադարձաւ նաեւ իր նախաձեռնած սահմանադրական փոփոխութիւնները սուր քննադատութեան ենթարկած Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի գնահատականներուն` նշելով, որ անոնք «մերկապարանոց մեղադրանքներ են»: «Ես նախկին նախագահներուն տեսակէտին մեկնաբանը չեմ եւ ես ինծի այդպիսի իրաւունք չեմ վերապահեր, բայց շատ բնական է, որ ես ծանօթ ըլլամ անոնց դիրքորոշումին եւ դրդապատճառներուն: Կը հասկնամ, բայց չեմ ընդունիր: Ինծի համար ընդունելի չեն մերկապարանոց մեղադրանքները: Ամբողջ յարգանքով հանդերձ հակառակ տեսակէտներուն, ես չեմ կրնար զուտ մեղադրանք ընդունիլ», ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:

 

 

Նախորդը

Տաւութօղլու. «Թուրքիան Պիտի Շարունակէ Ազրպէյճանի Կողքին Մնալ, Մինչեւ Անոր Հողերուն Ազատագրումը»

Յաջորդը

Ֆրանսայի Խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը Փոխանցեց Յատուկ Յանձնախումբի Մը

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.