Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ. Նախագահ Հոլլանտ Ընդունեց Հարիրին

December 4, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հարիրի եւ Հոլլանտ
Հարիրի եւ Հոլլանտ

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Էլիզէի պալատին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները, յատկապէս Սուրիոյ պատերազմն ու Լիբանանի վրայ անոր ունեցած հետեւանքները:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ ինք ցաւակցութիւն յայտնած է Ֆրանսայի նախագահին` Փարիզը հարուածած ահաբեկչութեան պատճառած զոհերուն առիթով եւ ընդգծած բոլոր երկիրներուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով:

Հարիրի նշեց, որ Հոլլանտի հետ քննարկած է նաեւ լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, որոնց շրջագիծին մէջ Ֆրանսայի նախագահը ընդգծած է նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը:

«Իմ կարգիս, Հոլլանտին հաստատեցի, որ լիբանանեան բոլոր կողմերուն հետ կը գործակցինք նախագահական թափուր աթոռի դրութեան վերջ մը տալու համար: Լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ այսօր կան լուրջ խորհրդակցութիւններ, որոնք կրնան այս իմաստով նուաճում մը արձանագրել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք այդ առումով լաւատես է:

Պատասխանելով շրջանային զարգացումներուն մասին հարցումի մը` Հարիրի շեշտեց, որ բոլորին համար ծանօթ են այդ իրադարձութիւնները` ընդգծելով, որ պէտք է անպայման փրկել Լիբանանը: «Անշուշտ քաղաքական որոշ զիջումներ պիտի կատարուին, որովհետեւ Լիբանանը մեր բոլորէն կարեւոր է», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Վարչապետարանին Մէջ. Արայժի Կը Շեշտէ Ֆրենժիէի Թեկնածութեան Լրջութիւնը

Յաջորդը

Լաւրով, Քերրի Եւ Տեզիր Կը Յայտարարեն. «Մինսքի Խմբակի Ձեւաչափը Ամէնէն Ընդունելին Է»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.