Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 4, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԵՏԱԿԱՆ պաշտօնատարներ հաստատեցին, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի նախագահական թեկնածութիւնը առաջադրելու ջանքերը լուրջ են` աւելցնելով, որ այս իմաստով լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւններ կան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը առաջադրելու առումով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի խուսանաւումներ չի կատարեր:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ կոչ ուղղած է Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէին չիւրացնելու իր պատկանած քաղաքական խմբաւորումը թիրախ դարձնող քայլերը:

ԻՍՐԱՅԷԼԻ պաշտպանութեան նախարարը կը հաստատէ, որ իրենք ամէն գնով պիտի արգիլեն Իրանի կողմէ Սուրիոյ ճամբով Հըզպալլայի փոխանցուած արդիական զէնքերը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պաշտօնապէս պիտի առաջադրէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն միակ նախագահական թեկնածուն է` աւելցնելով, որ ան յաւելեալ պայմաններու պիտի չընդառաջէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ երբ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պաշտօնապէս առաջադրէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը, ապա ատիկա կը նշանակէ, թէ Հարիրի երաշխիքներ ստացած է:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն Ժամիլ Սէյիտ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն նախագահ ընտրելու: Նոյն օրաթերթին համաձայն, եթէ Ֆրենժիէ հանրապետութեան նախագահ չընտրուի, ապա նախագահական թափուր աթոռին վիճակը բաւական երկարատեւ պիտի տեւէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա հաստատեց, որ եթէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան շուրջ համաձայն գտնուին, ապա Լիբանանեան ուժերու պլոքը պիտի մասնակցի նախագահական ընտրութեան:

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Մուքպելը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.