Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արակոնի Խորհրդարանը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

December 3, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Aragon_120215

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ Արակոնի խորհրդարանը երէկ որդեգրած է հռչակագիր մը, որ կը ճանչնայ եւ կը դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Երեսփոխան Կրեկորի Պրիզ Սանչեզի մշակած բնագիրը յարգանքի տուրք կը մատուցէ աւելի քան 1,5 միլիոն հայերուն, որոնք սպաննուած են Օսմանեան կայսրութեան ծաւալած գործողութիւններուն պատճառով: Երեսփոխանը թրքական կառոյցներուն, ներառեալ` թրքական կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` ընդունելու այս պատմական իրողութիւնը:

Հաշուի առնելով, որ 2015-ը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակն է, միջազգային շարք մը կազմակերպութիւններ, ներառեալ` Եւրոպական խորհրդարանը եւ քաղաքական մարմիններ, Ցեղասպանութեան 100-ամեակը յիշատակած են: Ֆրանչիսկոս պապը նոյնպէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ապրիլ 2015-ին որդեգրած հռչակագիրով: Այս բոլոր իրողութիւնները ամփոփուած են Արակոնի խորհրդարանին որդեգրած փաստաթուղթին մէջ:

Ըսուածին կողքին, բանաձեւը յարգանքի տուրք կը մատուցէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին` ի նշան համերաշխութեան եւ եւրոպական արդարութեան: Բանաձեւը կ՛ընդգծէ, որ Եւրոպական Միութիւնը ցեղասպանութեան կանխարգիլումը եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու դատապարտումը պէտք է ընդունի իբրեւ բարձրագոյն առաջնահերթութիւն:

Բանաձեւը Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ օգտագործելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը` իբրեւ ճանաչման կարելիութիւն, բանալ թրքական արխիւները եւ ընտրել հաշտեցման ուղին թուրք եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ: Բանաձեւը նաեւ կ՛ընդգծէ, որ թուրք մտաւորականներու, քաղաքական գործիչներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու ստուար զանգուած մը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչի հիման վրայ կը յորդորէ նաեւ թրքական կառոյցներուն վարուելու նոյն ձեւով:

«Բաւական յուսադրող է տեսնել, որ այս տարի ոչ միայն եւրոպական երկիրները, այլ նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներ եւ շրջանային խորհրդարաններ որդեգրած են Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւեր», կ՛ըսէ «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութեան ղեկավար Էտուարտօ Լորենցօ Օչուա:

«Ես կը կարծեմ, որ ասիկա կարելի է ընդունիլ իբրեւ Թուրքիոյ ուղղուած ուղերձ, թէ Եւրոպան կը սպասէ, որ Թուրքիան ճանչնայ իր սեփական պատմութիւնը: Այսօր յստակ ազդանշան կ՛ուղղէ նաեւ հայերուն: Արակոնցիները կանգնած են հայերուն կողքին` ճանչնալով 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը», աւելցուցած է Օչուա:

Բանաձեւը Սպանիոյ կոչ կ՛ուղղէ օգնելու, որ Թուրքիան պահէ իր խոստումը` պաշտպանելու եւ պահպանելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը իր տարածքին մէջ եւ առաւել աշխուժ դերակատարութիւն ցուցաբերելու Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ հաշտութեան նպաստելու գործին մէջ: Եւրոպական պատմութիւնը ունի ազգերու միջեւ հաշտութեան բազմաթիւ օրինակներ, որոնք կրնան ծառայել իբրեւ ուղենիշ:

Արակոնը ինքնավար համայնք է Սպանիոյ հիւսիսարեւելեան մասին մէջ, որ սահմանակից է Ֆրանսայի: Ունի 1,2 միլիոն բնակչութիւն եւ 47.719 քառ. քմ տարածք: Անիկա Պասքերու երկրէն, Քաթալոնիայէն, Պալէարեան կղզիներէն եւ Նաւարայէն ետք Սպանիոյ հինգերորդ համայնքն է, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:

 

Նախորդը

Հայաստան «Քոչարի» Խմբային Պարին Վերաբերեալ Լրացուցիչ Մշակման Ենթարկուած Դիմումը Պիտի Ներկայացնէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Քննարկման

Յաջորդը

Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ Այսօր Քուէարկութեան Պիտի Դրուի Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Նոր Օրինագիծ Մը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.