Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 45-Ամեակի Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն

November 30, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան, շաբաթ, 28 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 45-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնն ու կալա ընթրիքը` «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ, Տըպպայէ:

Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Սիլվա Արսլանեան եւ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ապա բեմ բարձրացաւ օրուան հիւրը` վաստակաւոր երաժիշտ Էլիաս Ռահպանի, որ Անթիլիասի բնակիչ է երկար ժամանակէ ի վեր եւ ականատես եղած է շրջանին մէջ բոլոր համայնքներուն գոյակցութեան: Սրտի խօսքէն ետք ան դաշնակի վրայ նուագեց ստեղծագործութիւն մը :

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի խօսքը փոխանցեց Իշխան Եղիայեան, որ խօսքը ուղղելով պաշտօնական հիւրերուն եւ ներկաներուն հակիրճ ձեւով ներկայացուց մասնաճիւղի աշխատանքները հիմնադրութենէն մինչեւ մեր օրերը: Ան գնահատեց բոլոր անհատներուն, յանձնախումբերուն եւ հաստատութիւններուն տարած աշխատանքը եւ անոնց ունեցած ներդրումը վասն ՀՄԸՄ-ին: Ապա, ներկայացնելով մասնաճիւղի հիմնադրութեան ժամանակաշրջանը եւ այն սերունդը, որ մասնակցած էր այդ աշխատանքին, Եղիայեան ըսաւ, թէ հանդիսութեան ընթացքին վեց ՀՄԸՄ-ականներ պիտի պարգեւատրուին. ան աւելցուց, որ լաւ պիտի ըլլար, եթէ մնացեալ հիմնադիրները կամ հիմնադրութեան աշխատանքին մասնակցողներն ալ ներկայ ըլլային հանդիսութեան (անոնք ճամբորդած կամ մահացած են): Ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ վարչութիւնները շարունակեն գնահատել վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ականները:

Հրայր Խաչատուրեան
Հրայր Խաչատուրեան

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց Հրայր Խաչատուրեան: Անդրադառնալով մասնաճիւղի 45 տարուան գործունէութեան` ան հաստատեց, որ այդ թուականէն մինչեւ այսօր, Անթիլիասի հայահոծ շրջանին մէջ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղը կազմակերպուած է, իր շուրջ համախմբուած են մեծ թիւով հայորդիներ եւ ՀՄԸՄ-ականներ, աշխատանքի ծաւալը օրէ օր ընդլայնած է, իսկ յաջողութիւններն ու ձեռքբերումները տարուէ տարի բազմացած են: Իր խօսքի աւարտին Հրայր Խաչատուրեան  Շրջանային վարչութեան անունով շնորհաւորեց ՀՄԸՄ Անթիլիասի մեծ ընտանիքը` մասնաճիւղի վարչութիւնը, անդամները, սկաուտական եւ մարզական խումբերը, նորանոր յաջողութիւններ ու վերելք մաղթելով մասնաճիւղին:

ant-2_112815

Ապա տեղի ունեցաւ «Ծառայութեան» շքանշանի եւ գնահատական գիրի տուչութիւն Գեղանի Էթիէմեզեանին, Յովսէփ Մարգարեանին, Պետիկ Սապունճեանին, Զաւէն Գասապեանին, Նազարէթ Սապունճեանին եւ Անդրանիկ Պէօյիւքեանին (ի բացակայութեան), որոնք ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին մէջ ունեցած են իրենց ուրոյն ներդրումը:

ant-3_112815

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ներկայացուց Արա Յակոբեանի կենսագրականը եւ անոր վարած գործունէութիւնն ու ունեցած վաստակը միութեան մէջ: Ան նշեց, որ Յակոբեան կը ներկայացնէ տիպար ՀՄԸՄ-ականը, միութենականը եւ մարզիկը: Իր խօսքի աւարտին, Մկրտիչեան յանձնեց «Արժանեաց» շքանշանն ու հաստատագիրը:

Յայտագիրի ընթացքին Պետիկ Սապունճեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց մասնաճիւղի 45-ամեակին առիթով: Խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի Պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար, որմէ ետք իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ շնորհաւորեց ամբողջ 45 տարի պատնէշի վրայ մնացած ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղը:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան ջութակահար Լիւսի Չամսզեան, երգչուհի Լիզա Սվաճեան եւ երգիչ Ժան Նագգաշեան:

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:

 

Նախորդը

«Թէքէեան» Մշակութային Միութիւն. «Մենք» Խորագիրով Լիբանանահայ Գեղանկարիչներու Հաւաքական Ցուցահանդէս

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» Երգչախումբին Հանդիսաւոր Համերգը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.