
Ընկերակցութեամբ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի, երէկ վարչապետ Միքաթի այցելեց նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի Թրիփոլիի բնակարանը, ուր ներկայ կը գտնուէր նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի վերաբերող խնդիրներ:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին վերաբերեալ կը կատարուին շինիչ քննարկումներ, որպէսզի կատարեալ թափանցիկութեամբ եւ լաւագոյն կերպով կարելի ըլլայ ելեկտրական հոսանք տրամադրել քաղաքացիներուն: Ան աւելցուց, որ քաղաքական բոլոր կողմերը յանձնառու են, որ կառավարութիւնը չանդամալուծուի եւ ելեկտրականութիւնը պէտք եղած ձեւով հասնի լիբանանցիներուն:
Ֆիթրի տօնին առիթով Միքաթի շնորհաւորեց լիբանանցիները` յոյս յայտնելով, որ յառաջիկայ 7 սեպտեմբերին կառավարութեան գումարելիք նիստին ընթացքին կարելի ըլլայ ուրախ աւարտ մը որոշել ելեկտրականութեան թղթածրարին:
Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութիւնը խախտելու հաւանականութիւններուն մասին շրջանառութեան մէջ դրուած զգուշացումներուն գծով հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետը հաստատեց, որ լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ ապահովական կայունութիւնը բառին բուն իմաստով հակակշիռի տակ կը գտնուի: Ան աւելցուց, որ թերացումի կարգ մը պարագաներ կը պատահին, անոնք սովորականի սահմաններուն մէջ են եւ անմիջապէս կը հետապնդուին ու կը լուծուին:
Անդրադառնալով լիբանանեան բանակին դէմ դատապարտումներուն եւ ցեխարձակումներուն` վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը երկրին խորհրդանիշն է եւ բոլորը կը մերժեն բանակը ցեխարձակումներու թիրախ դարձնող յայտարարութիւնները, որովհետեւ լիբանանեան բանակը մնայուն կերպով եւ վատագոյն պայմաններուն տակ իսկ կառչած մնացած է Լիբանանի միասնականութեան եւ լիբանանեան ազգային համերաշխութեան` անխտիր պաշտպանելով բոլոր քաղաքացիները:
Իր կարգին, նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ շեշտեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին վաւերացումը խոչընդոտելու քայլերը կը միտին կառավարութիւնը անդամալուծել` աւելցնելով, որ իրենք վարչական նշանակումներուն առումով կը պահանջեն Թրիփոլիի իրաւունքները` նկատել տալով միաժամանակ, որ Թրիփոլի ոչ մէկ տեղ կը գրաւէ Ա. կարգի պետական պաշտօններուն մէջ:
Միւս կողմէ, անցեալ շաբաթավերջին վարչապետ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց առեւտուրի եւ տնտեսութեան հարցերու նախարար Նիքոլա Նահհասը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Նշենք, որ Միքաթի, որ անցեալ հինգշաբթի օր մեկնած էր Սէուտական Արաբիա` կատարելու համար Ֆիթրի տօնին առիթով իր ուխտը, դրական հանդիպումներ ունեցած էր նաեւ սէուտցի պետական եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:


