Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կոկիկեան» Հիմնարկ. Արաբերէնի Բարձրագոյն Նիշեր Ապահոված Աշակերտներու Պարգեւատրում Եւ «Պայան»-Ի Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

November 26, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

bayan-1_112515

Հովանաւորութեամբ «Սոտեթել» ընկերութեան եւ կազմակերպութեամբ «Կոկիկեան» հիմնարկին,  երեքշաբթի, 24 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցան լիբանանահայ վարժարաններու արաբերէնի բարձրագոյն նիշեր ապահոված աշակերտներու պարգեւատրումն ու «Պայան» շարադրութեան մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, «Սոտեթել»-ի ընդհանուր տնօրէն Փաթրիք Ֆարաճեանի, օրուան պատուոյ հիւր` հաղորդավար Զաւէն Գույումճեանի, «Կոկիկեան» հիմնարկի տնօրէն-խորհուրդի անդամներուն, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու, կրթական պատասխանատուներու, ծնողներու եւ աշակերտներու: Ձեռնարկին հանդիսավարն էր Արամ Գարատաղլեան:

bayan-2_112515

Լիբանանի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք, հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Կոկիկեան» հիմնարկի գործադիր տնօրէն Սուհէյլա Հայէք, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան, ի մասնաւորի լիբանանահայ վարժարաններու արաբերէնի ուսուցիչներուն եւ դատական կազմի անդամներուն: Հայէք ներկայացուց «Պայան» մրցանքին կարեւորութիւնը` իբրեւ քաջալերող միջոց արաբերէնի զարգացման ու տարածման:

Ապա «Կոկիկեան» հիմնարկին անունով խօսք առաւ «Կոկիկեան»-ի սաներէն Շանթ Վարդանեան, որ յայտնեց հիմնարկին նկատմամբ իր երախտագիտութիւնը: Ան հաստատեց, որ «Կոկիկեան» հիմնարկին շնորհիւ ինք կրցած է իր համալսարանական ուսումը ստանալ Լիբանանի լաւագոյն համալսարաններէն մէկուն մէջ: Հիմնարկին մասին տեղեկութիւններ փոխանցելէ ետք Վարդանեան շեշտեց, որ ուսանողները լաւապէս պէտք է տիրապետեն արաբերէնին, որովհետեւ արաբերէնը Լիբանանի սահմանադրութեամբ ճշդուած երկրի պաշտօնական լեզուն է:

Ապա պարգեւատրուեցան 2014-2015 տարեշրջանին հայկական բարձրագոյն վարժարաններէն արաբերէնի բարձրագոյն միջինը ապահոված 10-րդ, 11-րդ եւ 12-րդ դասարաններու աշակերտները, որոնք հիմնարկին կողմէ ստացան յատուկ յուշանուէրներ:

«Պայան» մրցանքի անցնող տարեշրջանի մրցանակակիր Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանէն Ռոտրիկ Սեփեթճեան կարդաց իր շնորհաւորական ուղերձը եւ յանձնեց «Պայան»-ի յուշանուէրը, որմէ ետք Հայկազեան համալսարանի երաժշտական ակումբէն Զիատ Ժամալ երգեց Ֆէյրուզէն երկու երգ:

Իր կարգին, խօսք առաւ հաղորդավար Զաւէն Գույումճեան, որ մեծապէս գնահատեց «Կոկիկեան» հիմնարկին նախաձեռնութիւնը: Ան նշեց, որ արաբերէնը երաշխիքն է Լիբանանի մէջ իբրեւ քաղաքացիներ մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութեան: Իր անհատական փորձառութիւնը ներկայացնելով` Գույումճեան շեշտեց, որ ինք առաջին հայն էր, որ մուտք գործած էր լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններուն մէջ իբրեւ հաղորդավար, եւ միշտ ալ առիթները կան, եթէ առկայ է համապատասխան պատրաստուածութիւնն ու արաբերէնին տիրապետումը:

Ապա տեղի ունեցաւ «Պայան»-ի մրցանակաբաշխութիւնը: Մրցանակակիր ուսանողներն էին.

Առաջին` Լիւսի Թապաքեան (ՀԲԸՄ Դարուհի – Յովակիմեան բարձրագոյն վարժարան)

Երկրորդ` Մարիա Ունճեան (Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան)

Երրորդ` Շարպել Ապէթեան (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան)

Մրցանքի աւանդութեան համաձայն, առաջին մրցանակակիր Լիւսի Թապաքեան կարդաց իր շարադրութիւնը, իսկ վարժարանի տնօրէն Արա Վասիլեան ստանձնեց «Պայան»-ի յուշանուէր-մրցանակը:

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն. «Կրթութիւն Հայաստան» Կազմակերպութեան Ներկայացուցիչ Թինա Աւագեանին Հետ Հանդիպում-Հաւաք

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.