Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Օպամայէն Ստացաւ Շնորհաւորագիր Մը

November 25, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

salam_spanish_minister_112415

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Լիբանանի անկախութեան 72-ամեակին առիթով շնորհաւորական հեռագիր մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայէն:

Հեռագիրին մէջ Օպամա շեշտած էր, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն նեցուկ կանգնիլ Լիբանանին` ընդգծելով, որ ժամանակն է այլեւս, որ լիբանանցի ղեկավարները մտածեն երկրին ազգային շահերուն մասին եւ ընտրեն հանրապետութեան նախագահը:

Սալամ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Սպանիոյ պաշտպանութեան նախարար Փետրօ Մորինիսը` ներկայութեամբ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սպանական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Մորինիս յայտնեց, որ Սպանիա պատրաստ է գործակցելու Լիբանանի հետ, յատկապէս ապահովական եւ ընկերային մարզերուն մէջ:

Սպանացի պաշտօնատարը ընդգծեց Լիբանանի ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` յոյս յայտնելով, որ Լիբանան մօտիկ ապագային ունենայ իր հանրապետութեան նախագահը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ արաբական կարգ մը օրաթերթերու հետ իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին յայտնեց, որ ինք կառավարութիւնը նիստի մը պիտի չհրաւիրէ, մինչեւ որ աղբի տագնապին լուծման դրական եւ յստակ տուեալներ գոյանան:

Ան նշեց, որ աղբը երկրէն դուրս հանելու իմաստով խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ Լիբանանէն աղբի ներածումով հետաքրքրուած ընկերութիւններուն տրամադրած առաջարկները ուսումնասիրուելու ընթացքին մէջ են:

«Երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ կը զբաղի այս հարցով, իսկ այս առումով կարելի չէ յաւելեալ յապաղում արձանագրել», ըսաւ ան:

Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ փոխըմբռնումի որեւէ հանդիպում կամ երկխօսութիւն ողջունելի է:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, Լիբանանի աղբը ներածելու թեկնածու երկիրներէն են Սուրիան եւ ափրիկեան երկիրներ, որոնց շարքին գլխաւորաբար` Սենեկալը:

Նախորդը

Պըրրի Կը Ստանայ Հայաստանի Ազգային Ժողովի Նախագահին Ցաւակցագիրը

Յաջորդը

«Քաթար Էյրուէյզ-ը Դէպի Երեւան Թռիչքներու Պիտի Սկսի

RelatedPosts

Ընդունելով Ֆրանսայի Դեսպանը`  Պըրրի Թիւ 1701 Որոշումին Կառչելու Վերաբերեալ  Լիբանանեան Պաշտօնական Դիրքորոշման  Միասնականութիւնը Ընդգծեց
Լիբանանեան

Ընդունելով Ֆրանսայի Դեսպանը` Պըրրի Թիւ 1701 Որոշումին Կառչելու Վերաբերեալ Լիբանանեան Պաշտօնական Դիրքորոշման Միասնականութիւնը Ընդգծեց

November 18, 2026
Հաշեմ. «Թիւ 1701 Որոշման Բարեփոխման  Նպատակը Շրջագծային Համաձայնագիրը Ամրագրելն Է,  Եւ Լիբանանը Կրնայ Այս Թակարդը Դիմակայել»
Լիբանանեան

Հաշեմ. «Թիւ 1701 Որոշման Բարեփոխման Նպատակը Շրջագծային Համաձայնագիրը Ամրագրելն Է, Եւ Լիբանանը Կրնայ Այս Թակարդը Դիմակայել»

November 18, 2026
Ռայի Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանի  Անցած Նուրբ Փուլի Նկատմամբ
Լիբանանեան

Ռայի Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանի Անցած Նուրբ Փուլի Նկատմամբ

November 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.