Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գանձասարի Մէջ Մատենադարանի Բացում

November 24, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

mad-nor_112315

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն տուած այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան 21 նոյեմբերին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ Գանձասարի մէջ ներկայ գտնուած է Ստեփանակերտի «Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարան-գանձասար» գիտամշակութային կեդրոնի` Մատենադարանի մասնաշէնքի բացման արարողութեան:

Կեդրոնը կը բաղկանայ գիտական եւ թանգարանային մասերէ, գիտաժողովներու, մշակութային տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններու համար նախատեսուած դահլիճէ, գրադարանէ ու ընթերցասրահէ: Նորաբաց ցուցասրահներուն մէջ ներկայացուած են Արցախի մէջ կանուխ միջնադարէն մինչեւ նոր շրջան ստեղծուած հարիւրէ աւելի ձեռագիրներու, Արցախի պատմութեան առնչուող հազուագիւտ վաւերագիրներու բնագիրներ եւ ընդօրինակութիւններ, ինչպէս նաեւ հնատիպ գիրքեր: Ցուցանմուշներու ստեղծման աշխատանքները սկսած են եօթը տարի առաջ եւ, պատասխանատուներուն համաձայն, պիտի ունենան շարունակական բնոյթ:

Բացման արարողութեան զուգահեռ տեղի ունեցած է նաեւ Մատենադարանի գիտաշխատողներու «Արցախի մանրանկարչական արուեստը» եւ «Արցախի գրչութեան կենտրոնները» գիրքերու շնորհահանդէսը: Գանձասարի գիտամշակութային կեդրոնի բացման առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեան կեդրոնին նուիրած է 12-13-րդ դարերու Գիւլիստանի Աւետարանը:

Մատենադարանի շէնքը հիմնովին նորոգուած է «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամին միջոցներով: Մասնաճիւղը պիտի գործէ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի կառոյցին մէջ եւ անոր լիարժէք գործունէութեան աշխատանքներուն մէջ պիտի կիրարկուի Մատենադարանի գիտական ու թեքնիք ամբողջ ներուժը:

Հայկական երկու հանրապետութիւններուն նախագահները նաեւ ներկայ գտնուած են Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի զինուած ուժերու բարձրագոյն սպայական կազմին մասնակցութեամբ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան, որուն ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի փոխադարձ գործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր:

Հանրապետութեան նախագահը մասնակցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաքին մէջ սպաներուն համար սպայական աւանի մէջ կառուցուած 176 բնակարաններէ բաղկացած բնակելի շէնքերու յանձնման, պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարման մարմիններու մարզադահլիճի, ինչպէս նաեւ զօրամասերէն մէկուն զինուորական անձնակազմին համար կառուցուած ճաշարանի բացման արարողութիւններուն:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի նախագահին կողմէ պարգեւատրուած են բարեխիղճ ծառայութեամբ ուշադրութիւն գրաւած զինուորներ:

 

Նախորդը

Սուրիական Բանակը Քեսապի Մօտ Ռազմավարական Կարեւոր Նշանակութեան Լեռնագագաթ Մը Առած Է Իր Վերահսկողութեան Տակ

Յաջորդը

Նոր Փոփոխութիւններով` Ընդդիմութեան Իրաւունքները Կը Պահպանուին

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.