
Քաղաքացիական ընկերութիւնը կազմող շարժումները, որոնց շարքին գլխաւորաբար «Հոտերնիդ ելաւ» եւ «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւները կիրակի օր կատարեցին քայլարշաւներ եւ ժողովրդային միացեալ հաւաք մը` նշելու համար Լիբանանի անկախութեան 72-ամեակը:
Անոնք լիբանանեան դրօշակներով Ազգային թանգարանէն, Պաապտայէն, Համրայէն եւ ուրիշ շրջաններէ ուղղուեցան դէպի Նահատակաց հրապարակ, ուր շեշտեցին, թէ իրենք պաշտպանողական հանգրուանէն քայլ մը առաջ անցած են եւ այժմ կը գտնուին յարձակողական դիրքերու վրայ:
Քաղաքացիական ընկերութիւնը մերժեց ահաբեկչութիւնը` նկատել տալով, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն համայնքային բառամթերքն է ահաբեկչութեան հիմնական դրդապատճառը:
«Ապահովութեան ուժերուն պարտականութիւնն է պահպանել լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը, իսկ երկիրը կարելի էր կարգ մը ահաբեկչական արարքներէ փրկել, եթէ ապահովութեան ուժերը այդ սպառնալիքներուն հետ վարուէին, այնպէս ինչպէս մեզի հետ վարուեցան», նշեցին անոնք:
Քաղաքացիական ընկերութիւնը հաստատեց, որ իրենք կը պահանջեն նախագահական ընտրութիւնն ու ընտրական նոր օրէնքի մշակումը, որպէսզի խորհրդարանին մէջ բոլորին համար ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովուի, առանց աղբի առողջ միջավայր գոյանայ, ինչպէս նաեւ կարելի ըլլայ քաղաքական իսկական փոփոխութիւն ապահովել:
Անոնք դարձեալ կոչ ուղղեցին կառավարութեան եւ ներկայ իշխանութիւններուն հրաժարելու` խոստանալով աւելի յաճախ ուղղուիլ փողոց եւ բացայայտել քաղաքական անձնաւորութիւններուն վերաբերող փտածութեան թղթածրարները:
Քաղաքացիական ընկերութեան նախաձեռնութիւնը ընդգրկեց քաղաքացիական շարժումներու եւ միութիւններու տողանցք` Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով:
Նշենք, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ուսանողական թեւը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի նախկին Առաջին տիկին Ճոյս Ժեմայէլի, կիրակի օր կազմակերպեց «Հանրապետութիւնը գլուխ կ՛ուզէ» անունով արշաւ մը, որ սկսաւ Սայֆիէն եւ հասաւ մինչեւ Նահատակաց հրապարակ եւ Ժմմէյզէ:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ուսանողները պահանջեցին նախագահական ընտրութիւն կատարել. անոնց ցոյցը որոշ ատեն մը միախառնուեցաւ քաղաքացիական շարժումի արշաւներուն կատարած ցոյցին:


