Քուէյթեան արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան աղբիւր մը «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ անցեալ շաբաթավերջին Իրաքի հետ սահմանին մօտ գտնուող քուէյթեան հողամասերուն վրայ երեք հրթիռներ ինկած են: Աղբիւրը նշեց, որ անոնցմէ երկուքը ցամաքի վրայ ինկած են, իսկ երրորդը` Արաբական ծոցի ջուրերուն մէջ:
Աղբիւրը ընդգծեց, որ «Կրատ» տիպի հրթիռները ներկայիս կառուցուող Մուպարաք մեծ նաւահանգիստին դէմ ուղղուած չէին եւ քուէյթեան կողմին մէջ վնասներ չեն արձանագրուած, իսկ հրթիռները միջիրաքեան բախումի մը ընթացքին արձակուած էին:
Պուպիան կղզիին վրայ կառուցուող նաւահանգիստը Իրաքի եւ Քուէյթի միջեւ բանավէճի նիւթ դարձած է: Իրաք կը յայտնէ, որ նաւահանգիստը կը խզէ իր նաւահանգիստներուն ծովային անցքերը:
Նշենք, որ քուէյթեան լրատու գործակալութիւնը անցեալ հինգշաբթի օր հաղորդած էր, որ քուէյթեան արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը հերքած է այն լուրը, թէ Իրաք Պաղտատի մէջ Քուէյթի դեսպանը արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչելով Մուպարաք նաւահանգիստի կառուցման հարցով բողոքագիր մը ներկայացուցած է:


