
ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը ընդունած է հանրապետականներու առաջարկած օրինագիծը, որուն համաձայն, պէտք է կասեցուի Սուրիայէն եւ Իրաքէն գաղթականներ ընդունելու ծրագիրին գործադրութիւնը: Փաստաթուղթը նաեւ կը ծառայէ ապագային խստացնելու ստուգումները բոլոր այն ներգաղթեալներու, որոնց կը ծրագրուի ընդունիլ երկիր:
Այդ որոշումին թեր քուէարկած են 289 քոնկրեսականներ, իսկ դէմ` 137 ուրիշներ:
13 նոյեմբերին Փարիզի մէջ կատարուած ահաբեկչական գործողութիւններէն ետք հանրապետականները յայտարարած էին, որ երկրին մէջ պէտք է դադրեցուի ընդունումը այն մարդոց, որոնք փախուստ կու տան Սուրիոյ եւ Իրաքի հակամարտութիւններէն, որպէսզի ստեղծուի տեղահանուածներու ստուգման աւելի արդիւնաւէտ եւ խիստ համակարգ:
Սպիտակ տունը նախապէս յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա վեթոյի պիտի ենթարկէ այդ փաստաթուղթը: Օպամայի վարչակազմին կարծիքով` այդ նախաձեռնութիւնը «անվտանգութեան յաւելեալ նախաձեռնութիւններ չ՛ենթադրեր» ամերիկացիներուն համար:


