Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազատլըգ». «Ալիեւի` Քսաններու Խմբակին Անյաջող Այցելութիւնը»

November 20, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

G20_111915

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական «Ազատլըգ»-ը կը գրէ, որ Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Քսաններու խմբակի անդամ երկիրներու վեհաժողովին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութիւնը արտաքին քաղաքականութեան տեսակէտէն կարելի չէ յաջող նկատուիլ, որովհետեւ Ազրպէյճանի ղեկավարը վեհաժողովին ընթացքին բացի Թուրքիայէն չէ յաջողած երկկողմանի հանդիպումներ ունենալ մասնակից որեւէ այլ երկրի ղեկավարի հետ:

«Ազատլըգ» նաեւ նշած է, որ Ազրպէյճանի մէջ իշխանամէտ մամուլը զբաղուած է լուսարձակը Քսաններու խմբակի մասնակից երկիրներու ղեկավարներու յուշամատեանի համար լուսանկարուելու ժամանակ Միացեալ Նահանգներու նահագահ Պարաք Օպամայի` Ալիեւի հետ քաղաքավարական ձեւական բարեւին վրայ կեդրոնացնելով:

Թերթը կը գրէ, որ արեւմտեան երկիրներու ղեկավարներուն հետ հանդիպումներ կազմակերպելու համար Ազրպէյճանի իշխանութիւնը երկար ժամանակ յամառ ջանքեր գործադրած է, սակայն անոնք բոլորն ալ անյաջող արդիւնք ունեցած են, որովհետեւ արեւմտեան երկիրներու ղեկավարները խուսափած են Ալիեւի հետ հանդիպումներէն:

Ազրպէյճանի ժողովրդավարական ճակատ կուսակցութեան բարձրագոյն խորհուրդի ղեկավար Հասան Քերիմով թերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Քսաններու խմբակին Ալիեւին ուղարկուած հրաւէրը միայն Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ազրպէյճանի իշխանութեան միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան արդիւնք եղած է:

«Իլհամ Ալիեւի հետ Օպամայի հանդիպումը ընդամէնը կենցաղավարութեան միջազգային կանոններուն համապատասխան քայլ էր: Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ Ալիեւ-Օպամա հանդիպում ծրագուած չէ եղած: Վեհաժողովին մասնակից երկիրներու ղեկավարներն ու միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները լաւ գիտեն Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու դրութիւնը, ժողովրդավարութեան վիճակը, եւ այն, թէ Ալիեւ ինչպէ՛ս կ՛ոտնահարէ օրէնքները: Այդ պատճառով ալ արեւմտեան ղեկավարներու համար Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումը, անոր հետ միեւնոյն շարքին գտնուիլը անընդունելի է», ըսած է ան:

Հասան Քերիմով նաեւ յայտնած է, որ հակառակ անոր որ իշխանութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող մամուլը երկար ժամանակ կը քննադատէր Միացեալ Նահանգներն ու նախագահ Պարաք Օպաման, սակայն լայնօրէն կը ջատագովէ Քսաններու խմբակի վեհաժողովին ընթացքին տեղի ունեցած քանի մը վայրկեան տեւած այդ ձեւական հանդիպումը:

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Եւ Եգիպտոսի Նախագահները Համաձայնած Են Աշխուժացնել Գաղտնի Սպասարկութեանց Գործակցութիւնը

Յաջորդը

Սուրիոյ Հարցին Շուրջ Ռուս-Ամերիկեան Տարակարծութիւն

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.