Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Եւ Իտալիոյ Դեսպանները

November 17, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պասիլ եւ Ճոնզ
Պասիլ եւ Ճոնզ

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Ճոնզը:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ճոնզ դատապարտեց Պըրժ Պարաժնէն հարուածած ահաբեկչութիւնը, որուն լոյսին տակ դրուատեց ապահովութեան ուժերուն արագութիւնը` բացայայտելու ահաբեկչական այդ բջիջը:

Ան յոյս յայտնեց, որ բանակն ու ապահովութեան ուժերը կարենան քողազերծել այդ դէպքին բոլոր ծալքերը:

Ճոնզ նշեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման մասին Վիեննայի խորհրդաժողովին արդիւնքները դրական կը նկատուին` աւելցնելով, որ այս իմաստով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ կատարուած հանդիպումը իր կարգին դրական դուրս եկած է:

«Այս առումով զարմանալի են այն յայտարարութիւնները, թէ Միացեալ Նահանգներ ստեղծած են ՏԱՀԵՇ-ը», ըսաւ Ճոնզ` հաստատելով, որ շրջանառութեան մէջ դրուած այդ յայտարարութիւնը անճիշդ է:

«Ամբողջ աշխարհը վերածուած է անապահով վայրի մը, հետեւաբար պէտք է վերջ տալ ահաբեկչութեան», ընդգծեց Ճոնզ:

Պասիլի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթի, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ իր կատարած այցելութեան նպատակն էր Իտալիոյ նախագահին ցաւակցութիւնը փոխանցել` Պըրժ Պարաժնէի մէջ արձանագրուած ահաբեկչական գործողութիւններուն պատճառած զոհերուն համար:

Մարոթթի յայտնեց նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Միւս կողմէ, Պասիլ ողջունեց Եգիպտոսի կողմէ ահաբեկչութիւն վկայած երկիրներուն զօրակցելու նախաձեռնութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ բուրգերը լուսաւորուած էին ահաբեկչական արարքներու թիրախ դարձած երկիրներուն դրօշակներուն գոյներով, եւ անոնցմէ առաջինը Լիբանանն էր:

Պասիլ շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Պէյրութը եւ Փարիզը ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելը դիտմամբ կատարուած է` փոխանցելու համար այնպիսի պատգամ մը, թէ այդ խմբաւորումը բոլոր երկիրներէն չի վախնար:

 

Նախորդը

Բանակը Կը Շարունակէ Հետապնդել Ահաբեկիչները Եւ Պաշտպանել Երկրին Սահմաններն Ու Քաղաքացիական Անվտանգութիւնը

Յաջորդը

Պըրրի Այսօր Պիտի Նախագահէ Երկխօսութեան Նիստին

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.