Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ԱՌԿԱԽԵՑ ԻՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

August 27, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լեւոն Զուրաբեան

Ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի պատուիրակութեան եւ իշխանութեան աշխատանքային խումբին միջեւ տեղի ունենալիք բանակցութիւններու հերթական հանգրուանին երէկ ներկայացաւ միայն Հայ ազգային քոնկրեսի պատուիրակութեան անդամ, ՀՀՇ վարչութեան փոխնախագահ Սամուէլ Աբրահամեան, որ քոնկրեսի պատուիրակութեան անունով յայտարարութիւն կատարեց իշխանական պատուիրակութեան ներկայացուցիչներուն համար:

«Այսօրուան քննարկման մենք մեր մասնակցութիւնը ոչ նպատակայարմար նկատած ենք: Այսօր ժամը 1:00-ին մեր պատուիրակութեան ղեկավարը` Լեւոն Զուրաբեան, պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը եւ պարզաբանումներ կատարէ այս որոշումին վերաբերեալ», ըսաւ Սամուէլ Աբրահամեան եւ հեռացաւ:

Այնուհետեւ լրագրողներու հարցումներուն պատասխանեց իշխանութեան աշխատանքային խումբի ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեան, որ նշեց, թէ իրենք ներկայացած են հանդիպման ըստ իրենց պայմանաւորուածութեան եւ զարմանքով յայտնաբերած են, որ ներկայացած է Հայ ազգային քոնկրեսի պատուիրակութեան ընդամէնը մէկ անդամ:

«Ինծի համար տարօրինակ է: Նախ եւ առաջ` որեւէ հիմնաւորում չտրուեցաւ: Երկրորդ` կը կարծեմ, որ մինչեւ այսօր ձեւաւորուած մեր աշխատանքային յարաբերութիւնները այնպէս չէին, որ եթէ պատուիրակութիւնը պիտի չի ներկայանայ, ապա անոր մասին կարելիութիւն չըլլար մեզի յայտնելու», նշեց Դաւիթ Յարութիւնեան: Ըստ անոր, ասիկա քաղաքական դիւանագիտական գործողութիւն էր: Ան ցաւ յայտնեց այս գործողութեան համար, որովհետեւ լրիւ բարոյագիտութենէն դուրս է:

Դաւիթ Յարութիւնեան աւելցուց, որ «թանկօ պարելու համար միշտ երկու հոգի պէտք է» եւ երկխօսութիւնը կախուած է իւրաքանչիւր կողմի կամքէն եւս:

Ան եզրակացուց, որ ատիկա չի նշանակեր, թէ քոնկրեսը կը թելադրէ պայմանները, ատիկա կը նշանակէ, որ քոնկրեսը քաղաքական կամք չունի պատշաճ ձեւով շարունակելու երկխօսութեան այս հոլովոյթը:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Հայ ազգային քոնկրեսի այս արարքը կապ ունի՞ 9 օգոստոսին ոստիկաններուն հետ վէճի բռնուելու առնչութեամբ ձերբակալուած քոնկրեսի անդամ Տիգրան Առաքելեանի հետ, իշխանութեան պատուիրակութեան ղեկավարը նշեց, որ այս հարցով պէտք է դիմել միւս պատուիրակութեան:

Դաւիթ Յարութիւնեան յայտարարեց. «Մենք անցեալ անգամ յստակ ներկայացուցինք մեր դիրքորոշումը, որ ասիկա իրաւական հոլովոյթ է եւ մենք ճիշդ չենք նկատեր իրաւական հոլովոյթին մասնակցիլը:

Քոնկրեսի պատուիրակութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան երկխօսութեան հերթական նիստին չմասնակցելէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ իրենք պատրաստ են վերսկսելու բանակցութիւններուն ձերբակալուած ընդդիմադիր գործիչ Տիգրան Առաքելեանի խափանման միջոցը փոխելէն անմիջապէս ետք:

Զուրաբեան յայտարարեց, որ Հայ ազգային քոնկրեսը կ՛առկախէ իր մասնակցութիւնը ընթացող բանակցութիւններուն:

Լեւոն Զուրաբեան փոխանցեց, որ քոնկրեսը այս որոշումը տուաւ, երբ իշխանական պատուիրակութիւնը չկատարեց նախորդ հանգրուանի ժամանակ ձեռք բերուած փոխադարձ համաձայնութիւնը եւ չփոխեց Տիգրան Առաքելեանի խափանման միջոցը:

Նշենք, որ Տիգրան Առաքելեան ձերբակալուած էր 9 օգոստոսին, Երեւանի Կարապի լիճի մերձակայքը ընդդիմադիր անդամներու եւ ոստիկաններու միջեւ տեղի ունեցած քաշքշուքէն ետք: Ան մեղադրուած է երեք յօդուածներով` խուլիկանութեան, ոստիկանի նկատմամբ վտանգաւոր եւ ոչ վտանգաւոր բռնութեան կիրարկման կասկածով:

Ասուլիսին ընթացքին հակադարձելով Յարութիւնեանին` Լեւոն Զուրաբեան յայտնեց, որ բարոյագիտութեան խախտում չէ արձանագրուած. իրենք երէկ մինչեւ առաւօտեան ժամը 10:00-ը սպասած են Տիգրան Առաքելեանի ազատ արձակման:

«Ի վերջոյ, ոչ ոք չէր կրնար բացառել, որ առաւօտեան Տիգրան Առաքելեանը ազատ պիտի արձակուի: Քանի որ խոստացած էին, ուրեմն մենք կը սպասէինք: Քանի որ խոստումները դրժուեցան, ուրեմն մենք վերջին պահուն որոշում տուինք, իսկ բարոյագիտութեան մասին թող չխօսի այն իշխանութիւնը, որ ամէն քայլափոխի կը զբաղի ժողովրդավարական ազատութիւններու խախտումներով, մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումով եւ կը կատարէ տարբեր յանցագործութիւններ», ըսաւ ան: Ան աւելցուց, որ ասիկա ճատրակի խաղ մըն է, որուն ընթացքին հակառակորդը սեղանին ներքեւ ոտքերով կը հարուածէ: Ըստ անոր, իրենք այսպիսի ճատրակ խաղցող չեն:

Պատասխանելով Դաւիթ Յարութիւնեանի այն յայտարարութեան, թէ քոնկրեսը ցոյց տուաւ, որ քաղաքական կամք չունի այս հոլովոյթը շարունակելու, Լեւոն Զուրաբեան ընդգծեց, որ իրականութեան մէջ հակառակն է` բանակցութիւններու վերջին երկու հանգրուաններուն ընթացքին քոնկրեսը կը փորձէ երկխօսութիւնը փրկել:

Աւելի ուշ իշխանութեան պատուիրակութիւնը տարածեց յայտարարութիւն մը, ուր իշխանութեան ներկայացուցիչները «յստակ սուտ» կ՛որակեն Լեւոն Զուրաբեանի խօսքերը, թէ իշխանութիւնը խոստումներ տուած է Տիգրան Առաքելեանի խափանման միջոցը փոխելու վերաբերեալ:

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՖԻԼԻՓ ԼԸՖՈՐ` ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.