«Տիար» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատունը ջնջեց Լիբանանի տարածքին իր կատարելիք բոլոր ձեռնարկները եւ իր պաշտօնեաներէն խնդրեց նախազգուշութիւններով փոխադրուիլ ու նախընտրաբար փոխադրուիլ շատ կարեւոր հարցերու համար:
«Տիար»ի համաձայն, թրքական դեսպանատան այս որոշումը ուղղակիօրէն կապուած է սուրիական կացութեան նկատմամբ Թուրքիոյ կեցուածքներուն:


