Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հորիզոն»-ի 35-Ամեայ Յոբելեանը Նշուեցաւ Մոնրէալի Մէջ

November 13, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

horizon-(1)_110115

Նոյեմբեր 1-ին Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ հաւաքուած «Հորիզոն»-ի հաւատարիմ ընթերցողներու, բարեկամներու եւ աջակիցներու մասնակցութեամբ նշուեցաւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի հիմնադրութեան 35-ամեակը, որուն ներկայ էին Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան, Քանատայի թեմի առաջնորդ Մեղրիկ արք. Բարիքեան, Սուրէն արք. Գաթարոյեան եւ ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, ՀՅԴ ՔԵՄ-ի եւ Հայ տարեցներու միութեան ներկայացուցիչներ: Օրուան պատուոյ նախագահն էր Պերթա Հելլըր-Մինասեան:

Օրուան հանդիսավար Թալին Ապրաքեան իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, թէ անցնող 35 տարիներու ընթացքին «Հորիզոն» հանդիսացած է քանատահայութեան պատմութիւնն ու առօրեան արտացոլացնող լրատուամիջոցը: Ան նաեւ յայտնեց, թէ «Հորիզոն»-ի 35-ամեակին առիթով նուիրահաւաքի նպատակն է զարգացնել «Հորիզոն»-ի գիտարուեստի բնագաւառը եւ յատկապէս համացանցի իր կարողականութիւնը: Ապա ներկայացուեցաւ «Հորիզոն»-ի գործունէութեան մասին տեսանիւթ մը, որ պատրաստուած էր Սերժ Եսայեանի կողմէ:

horizon-(3)_110115

Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ «Հորիզոն»-ի վարիչ-խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Համացանցի իր էջերով «Հորիզոն» ոչ միայն կը ներկայացնէ քանատահայ գաղութի, հայրենիքի եւ Արեւմտահայաստանի մեր ժառանգութեան ու մնացորդացի մասին ամէնօրեայ տեղեկութիւններ, այլեւ թրքական պետութեան հակահայ քարոզարշաւին դիմադարձելով` թիրախ կը դառնանք եղեռնագործի վարձկան կայքահէններուն յարձակումներուն, կամ նշաւակ կը դառնանք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բուռն քննադատութիւններուն: Մենք կը գիտակցինք, որ տեղեկատուական պատերազմի մէջ ենք հակառակորդին հետ, եւ այդ քարոզչական-տեղեկատուական առճակատման ամերիկեան ցամաքամասի հիւսիսային խրամադիրքը վերապահուած է «Հորիզոն»-ին: Այսօրուան մեր նուիրահաւաքը նպատակաուղղուած է հզօրացնելու, ամրագրելու եւ զարգացնելու գեղարուեստի համացանցի ծիրը, որպէսզի յաւելեալ ներուժով դիմագրաւենք հակառակորդին քարոզչական ոտնձգութիւններն ու խեղաթիւրումները: Մենք վստահ ենք, որ ձեր այսօրուան զօրակցական նուիրահաւաքով եւ մեր հաւատարիմ ընթերցողներու աջակցութեամբ, կը հասնինք այդ նպատակին»:

Բեմ հրաւիրուեցաւ Համբիկ Գարայեան, որ յստակ գիծերու մէջ ներկայացուց «Հորիզոն»-ի Horizon Online + ծրագիրը, որուն նպատակն է ուրուագծել եւ հունաւորել «Հորիզոն»-ի համացանցային հետագայ ռազմավարութիւնը:

ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ գիտարուեստի յարափոփոխ զարգացման հետ համահունչ ընթանալու համար այսօր այլ լրատուամիջոցներու կարգին «Հորիզոն»-ն ալ շուտով պիտի կերտէ թուայնացած իր նոր համակարգը:

horizon-(2)_110115

Յատուկ գնահատագիրներ յանձնուեցան «Հորիզոն»-ին կամաւոր իրենց ծառայութիւններով օժանդակած «Մանկապատանեկան Հորիզոն»-ի խմբագիրներ Սոնիա Քիլեճեան-Աճեմեանին եւ Անահիտ Պալեանին, լուսանկարիչ Մայք Թաշճեանին, սրբագրիչ Բաբգէն Թոփճեանին եւ նկարահանող Սերժ Եսայեանին:

Հանդիսութեան աւարտին ելոյթ ունեցաւ դեսպան Արմէն Եգանեան եւ կարեւորութեամբ շեշտեց «Հորիզոն»-ի դերակատարութիւնը լրատուական-քարոզչական մարզին մէջ, յատկապէս` թուրք-ազրպէյճանական հակահայ քարոզարշաւի սանձազերծման առումով: Իր խօսքի աւարտին դեսպան Եգանեան Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան պատուոյ գիրով պատուեց «Հորիզոն»-ի վարիչ-խմբագիր Վահագն Գարագաշեանը` հայ ազգին մատուցած անոր ծառայութիւններուն համար:

Նախորդը

Հայեր Եւ Սիխեր

Յաջորդը

Ապագայի Նոր Տեսլականը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.